ՃԱՏՐԱԿ. ՊՈՒՏԱՓԵՇԹԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻԼԻԹ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ
Նախանցեալ օր Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Լիլիթ Մկրտչեան:
Ան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին յաղթելէ ետք հունգարացի Էսթեր Տուտաշի հանդիսացաւ երկրորդ` ապահովելով 6 կէտ:
Թէեւ Մկրտչեանի նման Իլթիքօ Մաթլի եւս ապահովեց 6 կէտ, սակայն վերջինիս` միջազգային դասաւորման մէջ Մկրտչեանէն աւելի բարձր դիրք գրաւելուն պատճառով հայրենի կրանտմասթըրը հանդիսացաւ երկրորդ:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Ալինա Քաշլինսքայա, որ ապահովեց 6,5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական