ՔԱԶԱՆՆ ԱԼ ԱՆՑԱՒ…

Քանի մը շաբաթէ ի վեր մէն մի հայորդի կը հոլովէր այս մէկ հատիկ բառը` Քազան… Մեր ոսոխներն ալ այս անունը կը հոլովէին` Քազան:

Այս անգամ կարծէք բան մը պիտի ստացուէր թաթարական այս քաղաքին մէջ կայանալիք մեծ հանդիպումէն: Այո՛ Ռուսիա հրաւէր ուղղած էր թէ՛ մեր, եւ թէ ազերի նախագահներուն, որ մէկտեղուէին եւ այլեւս կարճի կապէին հարցը` Ղարաբաղի գորդեան հանգոյցը: Չէ՜, այլեւս լրջացած եւ հասուննալու եզրին կը գտնուէր աշխարհի վերջին քսանամեակի մեծագոյն թնճուկներէն մին: Ամէն մարդ որոշ յոյսով կը նայէր 24 յունիս 2011¬ին: Բան մը պիտի ըլլա՜ր, խուսափում չկա՛ր…

Քանի մը ամիսներ առաջ, դարձեալ Ռուսիոյ բարեկազմ եւ խիստ բարետես նախագահին հովանաւորութեամբ եւ ջանքերով, այլ ժողով մը սարքուած էր Սոչիի մէջ: Այն ատեն եւս որոշ յոյսեր կապուած էին սոյն հանդիպումին, բայց այս անգամ ուրիշ էր…

Ազերիները որոշ լաւատեսութիւն կը բարձրաձայնէին: Կը կարծէին, թէ չէ, այս անգամ  իսկապէս ուրիշ պիտի ըլլար: Բնականաբար իրենց լաւատեսութիւնը մեր` հայերուս  քսակէն պիտի ըլլար: Հայկական ուժերը պիտի յանձն առնէին քաշուիլ «ազերիական գրաւեալ» տարածքներէն. իրենք` ազերիները յանձն պիտի առնէին լա՜յն, ամենալա՜յն «ինքնավարութիւն» շնորհե՜լ մեզի` Արցախի հայերուն: Ի՜նչ յուզիչ եւ ազնուական քայլ… Մենք շատ լայն ինքնավարութիւն վայելած ենք ժամանակին Նախիջեւանի մէջ: Կէս առ կէս հայ բնակչութեամբ շրջանը այսօր ոչ իսկ մէկ հայ մարդով «ծանրաբեռնուած» է: Կեցցե՛ն մեր ջանասէր դրացիները…

Հետաքրքրական եւ խի՜ստ յուսալից է այն խոստումը, որ Արցախի համար կը խոստանան յատուկ վարչաձեւ մը շնորել օր մը… հիմա` թէ ե՞րբ է այդ օրը, այնքան ալ յստակ չէ: Կրնայ գալ քանի մը տարիէն կամ` քանի մը դարէն: Հարց չէ, կարեւորը ոգին եւ տրամադրութիւնն է  մեր անմիջական դրացիներուն:

Կարգ մը հայերու համար Քազանը պիտի փրկէր եւ միանգամընդմիշտ ձերբազատէր մեզ  Ղարաբաղեան թնճուկէն: Հոգ չէ թէ փսփսուքով, ընդունինք, որ այդպիսի հայերուս համար իսկական գլխացաւանք է սա չըլլալիք հարցը: Որքա՛ն շուտ ազատինք անկէ, այնքա՛ն լաւ: Վերջ ի վերջոյ «Հայաստան» է հո՛ն ուր որ մե՛նք կա՜նք, այսինքն Վրաստանէն մինչեւ ռուսական անծայրածիր տարածքներ, ամբողջ Եւրոպա, վերի եւ վարի ամերիկաներ, Քանատա, Միջին Արեւելք, ափրիկեան որոշ տարածքներ եւ մթին անտառներ ու Աւստրալիա: Երբ այս է չոր իրականութիւնը, եւ սփիւռքահայ կոչեցեալը խորքին մէջ «աշխարհատէր» մարդ է, քանի մը հազար քմ. տարածքներէ քաշուիլը ի՜նչ է որ… Այնքան ատեն որ այդ տարածութիւնները չենք կրնար վերաբնակեցնել, պակա՜ս ըլլան…, կը մտածեն ոմանք:

Քազան քաղաքը կը սպառնար իսկական գազան մը դառնալ կարգ մը հայերու համար: Գազան, որ կը սպառնար ուտել¬վերջացնել Արցախի հարցը: Եթէ մեր թանկագին նախագահը իսկապէս տրամադիր էր որոշ զիջումներ ընել, թէկուզ թուղթի վրայ, անգամ մը եւս պիտի գամուէր «դաւաճանի» պատին: Բարեբախտաբար թաթարական քաղաքը այլափոխութիւն չունեցաւ, գազանի չվերածուեցա՜ւ: Փա՜ռք սատանային: Այո՛ փառք սատանային, որովհետեւ միմիայն սատանայական կրնար ըլլալ զիջումնային այդպիսի արարք մը: Այսպիսի հայեր, որոնք տաք գլուխ մարդիկ կրնան ըլլալ միայն, շունչ մը առնելու հաճոյքը ապրեցան: Սարգսեան նախագահն ալ արժանի դարձաւ գովասանքի եւ գնահատանքի:

Անշուշտ մեր` հայերէս եւ ազերիներէն զատ, արար աշխարհ հեւիհեւ կը հետեւէր սոյն գագաթաժողովի ելքին: Բնականաբար մեծ ուժերը, հազարումէկ ճնշում կը բանեցնէին շօշափելի արդիւնքի հասնելու համար: Օպամա, Սարքոզի եւ այլ պատասխանատուներ զոյգ նախագահներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, հեռաձայն հեռաձայնի ետեւէն կը հնչեցնէին, որպէսզի այլեւս ազատէին զիրենք այս Գորդեան հանգոյցէն: Այդ պատասխանատուները արդա՜ր ակնկալիքներ ունին: Վերջապէս օրհնեալ քարիւղին ճանապարհը աւելի կարճ կը դառնայ, եւ մնացեալ խողովակաշարերը եւս աւելի ապահով կ՛ըլլան: Կարեւորը ա՛յդ է:

Իսկ Էրտողան բարետես դէմքով մեր դրացին, իր կարգին, կրնայ շունչ մը քաշել եւ համայն աշխարհին ծանուցանել, որ ինք մեծ բարիք եւ շնորհք կ՛ընէ եւ կը բանայ Հայաստանի սահմանները: Երիցս արժանի պիտի դառնայ միջազգային գնահատանքի եւ գովասանքի…

Պր. Մետվետեւ նախագահն ալ ոգի ի բռին կ՛աշխատէր, որ այդ չոր գլուխ երկու նախագահները այս անգամ խօսք մտիկ ընէին եւ իր նախագահական երկրորդ շրջանը ապահովէին: Անկասկած, այս հանդիպումին բարեդէպ ելքը իր` Մետվետեւի յաղթանակը պիտի կազմէր: Այսքան մեծ քաղաքական դէմք մը բնականաբար արժանի պիտի դառնար յաւելեալ չորս տարուան  շրջանի մը համար պահուէր քաղաքա¬դերասանական բեմին վրայ:  Չեղա՜ւ… եւ ո՞վ եղաւ ուրախացողը` բնականաբար ստուերի մէջ սպասող Փութին արջուկը: Թերեւս այնքան ալ շտապած չ՛ըլլար, եթէ երբեք սկսի սրտանց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ Փութին վարչապետը:

Երեք եռագոյններով` հայկական, ռուսական եւ ազրպէյճանական, շրջապատուած կլոր սեղանի մասնակիցները բաւական մտերմիկ մթնոլորտի մէջ պատկեր քաշուած էին:  Մինչեւ սեղան հասնիլը, չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ դէմք կը կրէին այս մարդիկը: Սեղանին շուրջ շատ լաւատեսական էր մթնոլորտը:  Անկէ հեռացումի մթնոլորտն ալ ծանօթ չէ…

Քուլիսներու ետին Աստուած միայն գիտէ, թէ ինչպիսին եղած է մթնոլորտը: Որքան որ քիչ հաւանական, բայց կարելի չէ անտեսել այն առկայ կարելիութիւնը, որ Մետվետեւ նախագահը ճաշի սեղանի մը շուրջ եւս կրնայ մէկտեղած ըլլալ երեք եռագոյնատէրերը: Եթէ 8000 ոստիկաններով շրջապատուած նախագահները այդպիսի սեղանի շուրջ մէկտեղուիլ կրցած են, իսկապէս հրաշալի բան ստացուած կ՛ըլլայ: Ռուսական փորշ եւ այլ համադամներ ճաշակելով  հին խորհրդային օրերու հայ¬ազերիական եղբայրակցութի՜ւնը վերականգնած կ՛ըլլան: Ռուսական վոտքայի բաժակներու պարպումին հետ, բաժակաճառերու ստեղծած մթնոլորտը դրական հսկայ ներդրում ունեցած կ՛ըլլայ…

Չեմ գիտեր, շատ հաւանաբար անիրականանալի բան է այս ենթադրութիւնը, բայց մարդկութիւն, մանաւանդ քաղաքականութիւն է: Օրինակ, Արաբական Լիկայի գագաթաժողովներու մասնակից պետերը միշտ ալ վճռած կ՛ըլլան բնաւ չհամաձայնիլ, բայց հաւաքական ճոխին ճոխը եղող ճաշասեղանի շուրջ մէկտեղուիլ չեն մոռնար: Եթէ մերօրեայ երեք ասպետները եւս նոյն ոգիով եզրափակեցին իրենց հանդիպումը, ի՜նչ վնաս…

Հիմա այլեւս ելքը յստակացած է, բայց մարդիկ, յատկապէս քաղաքական մեկնաբաններ, վերլուծաբաններ երկար ատեն պիտի շարունակեն այլ անուններու հետ նաեւ Քազանը հոլովել մեզ ձանձրացնելու աստիճան: Սա Մատրիտ, նա Քի Ուէսթ, ուրիշ անուն մըն է Սոչին, ուր ծագում առաւ «Մատրիտեան նորացուած» ոգին կամ մթնոլորտը, այս եւ մոռցուած այլ անուններու վրայ պիտի գումարենք, ուզենք թէ չուզենք, Քազան անունը, մինչեւ որ նոր անուն մը ծագի հայ¬ազերի երկնակամարին վրայ…

Կը մնայ սպասել զուտ հայկական երկնակամարին վրայ երեւցած այս անունին ձգելիք ազդեցութեան: Ինչ որ կրնանք յայտնել, շատ պարզ ու պայծառ ոճով եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ` Լեւոն Տէր Պետրոսեանական ճակատին ապրած խոր հիասթափութիւնն է…. Կարելի չեղաւ «ձերբազատիլ» Ղարաբաղի հիմնագլխացաւանքէն… Տեսնենք, թէ «երկխօսութիւն» կոչուած  դեռ անծին խեղճութեան` ի՞նչ աղէտ կը սպասէ…

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

27 յունիս, 2011

Share this Article
CATEGORIES