ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐԷՆ
ԼԱՆՍԻ մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան իր ակումբը լքելով միացաւ Ռէալ Մատրիտի` վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով իր նոր կազմին հետ:
18 տարեկան Վարան, որ նախորդ նոյեմբերին առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, կատարեց 23 մրցում:
Ըստ սպանական մամուլին, անոր փոխանցումը մայրաքաղաքի կազմին արժեց 10 միլիոն եւրօ:
ՆԻԿԵՐԻԱՑԻ միջնապահ Հարունա Լուքման Բ. դասակարգ փոխադրուած իր ակումբը` Մոնաքոն լքելով միացաւ Տինամօ Քիեւի:
20 տարեկան Լուքման, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ուքրանական կազմին հետ, այսպիսով դարձաւ երրորդ ափրիկեցին, որ մաս կը կազմէ Տինամօ Քիեւի:
ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏԻ կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ փորթուգալցի յետսապահ Սիլվիօ Պրակայէն միացաւ խումբին: 23 տարեկան Սիլվիօ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց սպանական կազմին հետ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
ԻՏԱԼԱՑԻ յետսապահ Տոմենիքօ Քրիսքիթօ իր ակումբը` Ճենովան լքելով միացաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի:
Նախքան ռուսական կազմին իր միացումը, կը կարծուէր, որ ան մաս պիտի կազմէ կա՛մ Նափոլիի եւ կա՛մ Ինթեր Միլանի:
ՃԱՓՈՆՑԻ երիտասարդ մարզիկ Թաքաշի Ուսամի լքելով իր ակումբը` Կամպա Օսաքան, միացաւ Պայէրն Միւնիխի: 19 տարեկան Ուսամի եթէ յաջողի ինքզինք պարտադրել Պունտըսլիկայի մրցումներուն, շատ հաւանաբար երկար տարիներու վրայ երկարող պայմանագրութիւն մը ստորագրէ գերմանական կազմին հետ: Ան այժմ վեց ամսուան համար միացաւ Պայէրնի:
Նախքան Պայէրն իր փոխանցումը, ան զգուշացուց հոլանտացի Արժեն Ռոպենը եւ ֆրանսացի Ֆրանք Ռիպերին` ըսելով, որ անոնք պիտի պայքարին կազմին մէջ իրենց հիմնական դիրքը ապահովելու համար: