Ֆորմիւլա-1. Կիրակի, 16 Մարտին, Տարուան Առաջին` Աւստրալիոյ Կրան Փրին
Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2014 տարուան առաջին կրան-փրին տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 16 մարտին, Աւստրալիոյ մէջ (Մելպուրն):
Անոր ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 8:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ուրբաթ, 14 մարտին տեղի պիտի ունենան յատուկ փորձեր, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ շաբաթ օր:
Փոլ-փոզիշընի մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Ախոյեանութեան մասնակցող խումբերն են` «Ռետ-Պուլ-Ռասինկ», «Քեթըրհեմ», «Լոթիւս», «Ֆեռարի», «Մարուսիա», «Մաքլարըն», «Թորօ-Ռոսսօ», «Ֆորս-Ինտիա», «Մերսետես», «Ուիլիըմս» եւ «Սաուպըր»:
Խումբերուն վարորդներուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
CATEGORIES Մարզական

