Մխիթարեան Բացակայ` Մէօնշընկլատպախի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

heno-1103Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակագի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումին պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր խումբին` նկատի ունենալով, որ ան մէկ մրցումով կախակայուած է:

Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթավերջին Ֆրայպուրկի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին ստացաւ այս տարեշրջանի իր հինգերորդ քարտը, մէկ մրցումով կախակայուած է: Հետեւաբար, ան բացակայ է Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն:

Share this Article
CATEGORIES