60 Հազար Տոմս Ծախուեցաւ Մէկ Ժամուան Ընթացքին
«WBA»-ի եւ «IBF»-ի երկրորդ միջին կարգի աշխարհի ախոյեան անգլիացի Քարլոս Ֆրոչի եւ անոր ազգակիցին` Ճորճ Քրուվսոմի մենամարտին 60 հազար տոմսերը ծախուած են մէկ ժամուան ընթացքին:
Բազմաթիւ անձեր, որոնք չեն յաջողած տոմս ապահովել, իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են: Այդ դժգոհութիւնը մղած է կազմակերպիչները, որ 20 հազար յաւելեալ տոմսեր վաճառքի հանեն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Կռփամարտիկներուն մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 31 մայիսին, «Ուեմպլի Արենա»-ի մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել 90 հազար հանդիսատես:
Այս մենամարտին շնորհիւ անգլիացիները կրնան գերազանցել տոմսերու վաճառքի մրցանիշը:
CATEGORIES Մարզական

