Պասքեթպոլ. Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Անուան Տարեկան 3-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ

houps-tournament-1103Կազմակերպութեամբ Հուփս մարզական ակումբին, հովանաւորութեամբ «Թալալ Մաքտեսի» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ սկսաւ Անն – Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարեկան 3-րդ մրցաշարքը` 1996, 1997, 1998, 1999, 2000 եւ 2001 դասակարգերուն մէջ:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ խումբերը. Ռիատի ՊԷյրութ, Շանվիլ, Մութթահետ, Սփաքաթ, Շիահ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական-Ժունիէ եւ Շուէյֆաթ վարժարանները:

Բացման ներկայ էին` Թալալ Մաքտեսի, Հուփս ակումբի սեփականատէր Ժասեմ Քանսօ, մահացած մարզիկին ընտանեկան պարագաները եւ մարզասէրներ:

Յայտարարուեցաւ, որ կիսաւարտական եւ աւարտական մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «ԹԵԼԷ ԼԻՊԱՆ» պատկերասփիւռի կայանէն:

Բացման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցան յայտագիրին վրայ եղող վեց մրցումներ:

Անոնք պիտի շարունակուին իւրաքանչիւր շաբաթավերջին:

Share this Article
CATEGORIES