Սիմէոնէ Կրնայ Նշանակուիլ Զենիթի Նոր Մարզիչ
«Լա լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ, կրնայ նշանակուիլ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի նոր մարզիչ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:
Ռուսական ակումբը պատրաստ է բանակցութիւններու սկսելու արժանթինցի մասնագէտին հետ, սակայն սկիզբը ատոր համար պէտք է մատրիտեան խումբէն արտօնութիւն ստանայ:
43 տարեկան Սիմէոնէի պայմանագիրի խզման պարագային, Զենիթ 10-12 միլիոն եւրօ պիտի վճարէ Աթլեթիքոյին:
CATEGORIES Մարզական

