Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչպէս Դաստիարակել Երեխան

images1303Յօդուածագիրը 3 զաւակներու մայր եւ փորձառու ուսուցչուհի է: Ան այս յօդուածը գրած է առաջին անգամ 1999-ին եւ ամէն տարի վերատեսութեան ենթարկած է զայն:

1
Ըրէ՛ք այն, ինչ որ կ՛ըսէք, եւ մի՛ ըսէք բաներ, զորս պիտի չգործադրէք: Եթէ ձեր երեխան չհնազանդի, մի՛ պոռաք, եղէք վճռական եւ անզիջող եւ անմիջապէս գործի անցէք:

2
Շնորհաւորեցէք եւ քաջալերեցէք անոր լաւ արարքները: Մի՛ բաւարարուիք դիտողութիւններ ընելով կամ պատժելով: Գնահատեցէք անոր յաջողութիւններն ու արարքները: Խուսափեցէք նիւթական վարձատրութիւններէ:

3
Ձեր սէրը արտայայտեցէք: Ձեր կողմէ ճշդուած կարգապահական օրէնքներուն եւ պատիժներուն կողքին ձեր սէրը արտայայտեցէք երեխային հետ զրուցելով, խաղալով, հպումով եւ, ինչո՞ւ չէ, բացայայտօրէն ըսելով, թէ զինք շա՛տ կը սիրէք:

4
Եթէ ձեր երեխան յանցանք մը գործած է, տեղւոյն վրայ պատժեցէք, մի՛ սպասէք, որ քանի մը օր անցնի: Մի՛ արտօնէք, որ ձեր զաւակը անքաղաքավար գտնուի, ուրիշները վիրաւորէ կամ ձեր կողմէ ճշդուած օրէնքները անտեսէ:

5
Որպէսզի ձեր զաւակը զինուի եւ պայքարի եսասիրութեան, նախանձի, ծուլութեան, դրամասիրութեան եւ այլ ախտերու դէմ, անոր փոխանցեցէք արժէքներ` յարգել ուրիշը, յարգել միջավայրը, համբերել, յարատեւել, կիրթ, աշխատասէր եւ հանդուրժող ըլլալ, քաջ եւ դրական ըլլալ…

Իսկ այս բոլորը կ՛իրականան, երբ առաջին հերթին դուք օրինակ կը ծառայէք անոր:

6
Կարելի եղածին չափ հեռու պահեցէք պատկերասփիւռը, համակարգիչը եւ ելեկտրոնային խաղերը: Ձգեցէք, որ ձեր զաւակը ձանձրանայ եւ հետաքրքրական զբաղումներ գտնէ, ինչպէս` ընթերցումը, գծագրութիւնը, բառխաղը եւ խմբական խաղերը: Առաջինները երեխան կը մեկուսացնեն, մինչդեռ երկրորդ տեսածի զբաղումներէն շատեր զինք կը մղեն ուրիշին հետ շփուելու:

7
Ձգեցէք, որ ձեր երեխան ինքնաբաւ եւ ինքնուրոյն դառնայ: Թող ի՛նք փաթթէ իր հացիկը, շալկէ իր դպրոցական պայուսակը, կապէ կօշիկին կապերը, հագուի դպրոցական տարազը եւ այլն…

Առիթ, տուէք, որպէսզի փորձէ, ձախողի, կրկին փորձէ ու յաջողի:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

1 Որպէսզի սոխը երկար դիմանայ եւ չծլի, առէք կանացի մաքուր գուլպայ մը, սոխերը մէջ շարեցէք` իւրաքանչիւրէն ետք հանգոյց մը ընելով: Ապա գուլպաները կախեցէք արեւէն հեռու` օդասուն տեղ մը:

1
Որպէսզի սոխը երկար դիմանայ եւ չծլի, առէք կանացի մաքուր գուլպայ մը, սոխերը մէջ շարեցէք` իւրաքանչիւրէն ետք հանգոյց մը ընելով: Ապա գուլպաները կախեցէք արեւէն հեռու` օդասուն տեղ մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3 Ճաշի մէջ օգտագործուող հոտաւէտ խոտերը մանրեցէք, ձէթի մէջ դրէք եւ ապա սառամաններու մէջ սառեցուցէք: Սառած կաղապարները կերպընկալ տոպրակի մէջ սառցարանը պահեցէք եւ աղցաններուն եւ կերակուրներուն մէջ օգտագործեցէք:

3
Ճաշի մէջ օգտագործուող հոտաւէտ խոտերը մանրեցէք, ձէթի մէջ դրէք եւ ապա սառամաններու մէջ սառեցուցէք: Սառած կաղապարները կերպընկալ տոպրակի մէջ սառցարանը պահեցէք եւ աղցաններուն եւ կերակուրներուն մէջ օգտագործեցէք:

2 Որպէսզի տարուան ընթացքին միշտ կանաչ սոխ ունենաք, զանոնք լուացէք, լաւ ցամքեցուցէք եւ մանրեցէք: Լեցուցէք հանքային ջուրի շիշերու մէջ եւ սառցարանին մէջ սառեցուցէք:

2
Որպէսզի տարուան ընթացքին միշտ կանաչ սոխ ունենաք, զանոնք լուացէք, լաւ ցամքեցուցէք եւ մանրեցէք: Լեցուցէք հանքային ջուրի շիշերու մէջ եւ սառցարանին մէջ սառեցուցէք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

5 Որպէսզի մեծաքանակ գնուած պիստակեղէնները երկար դիմանան եւ թարմ մնան, զանոնք սառցարանը պահեցէք ապահով կափարիչներով օժտուած ապակեայ շիշերու մէջ:

5
Որպէսզի մեծաքանակ գնուած պիստակեղէնները երկար դիմանան եւ թարմ մնան, զանոնք սառցարանը պահեցէք ապահով կափարիչներով օժտուած ապակեայ շիշերու մէջ:

4 Որպէսզի պանանները երկար դիմանան, անոնց կոթերուն բաժինը կերպընալ թուղթով քանի մը անգամ փաթթեցէք. այսպիսով անոնք առնուազն 5 օր աւելի կը դիմանան:

4
Որպէսզի պանանները երկար դիմանան, անոնց կոթերուն բաժինը կերպընալ թուղթով քանի մը անգամ փաթթեցէք. այսպիսով անոնք առնուազն 5 օր աւելի կը դիմանան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մեր Առօրեայէն

Կիտրոնը

Ինչպէս ճերմակ քացախը, նոյնպէս ալ կիտրոնը անվնաս եւ ազդու մաքրող մըն է: Անիկա ոչ միայն կը մաքրէ, այլեւ կը հականեխէ եւ գէշ հոտերը կը չէզոքացնէ: Ահաւասիկ` մեր առօրեան դիւրացնող գործնական հնարքներ:

1
Կիտրոնով կարելի է փայլեցնել արծաթեղէններն ու պողպատէ իրերը: 1 չափ հեղուկ կիտրոնին 5 չափ ջուր աւելցուցէք եւ այդ ջուրին մէջ քանի մը վայրկեան թրջեցէք ձեր արծաթեայ կամ պողպատեայ իրերը: Յետոյ ցօղուեցէք զանոնք տաք ջուրով եւ փայլեցուցէք փափուկ լաթով մը:

2
Արծաթեայ զարդեղէնները շուտով կը սեւնան. զանոնք փայլեցուցէք կիտրոնի հիւթի մէջ թաթխուած սպունգով մը, ցօղուեցէք տաք ջուրով եւ փայլեցուցէք կաշիի կտորով մը:

3
Կիսուած կիտրոնի մը վրայ աղ ցանեցէք եւ անով շփեցէք կիր կապած արդուկին յատակը կամ տան ծորակները, ապա ցօղուեցէք եւ շփեցէք ու փայլեցուցէք փափուկ լաթով մը:

4
Կիտրոնը նաեւ միջատասպան է: Մրջիւնները հեռացնելու համար անոնց բոյնին շուրջ կամ ճամբուն երկայնքին կիտրոնի կեղեւի տաշեղ դրէք:

5
Կիտրոնը նաեւ կը ճերմկցնէ դեղնած ճերմակեղէնն ու գուլպաները: Մէկ լիթր եռացած ջուրի մէջ աւելցուցէք 2 կիտրոնի հիւթ եւ դեղնած ճերմակեղէնները կամ գուլպաները մէջը թրջեցէք առնուազն 2 ժամ, ապա մեքենայով լուացէք:

6 Կիտրոնը կը չէզոքացնէ գէշ հոտերը: Փուռը մարելէ ետք քանի մը կտոր կիտրոնի կեղեւ դրէք մէջը եւ դուռը բաց ձգեցէք, ամբողջ տունը կը լեցուի կիտրոնի կեղեւին անուշ բոյրով: Ձուկի, սխտորի կամ հաւկիթի հոտը չէզոքացնելու համար աշխատանքի սեղանը եւ ամանեղէնները շփեցէք կիսուած կիտրոնի կտորով մը: Սառնարանին դրան վրայ կիսուած կիտրոն մը զետեղեցէք, անիկա կը ծծէ անախորժ հոտերը:

6
Կիտրոնը կը չէզոքացնէ գէշ հոտերը: Փուռը մարելէ ետք քանի մը կտոր կիտրոնի կեղեւ դրէք մէջը եւ դուռը բաց ձգեցէք, ամբողջ տունը կը լեցուի կիտրոնի կեղեւին անուշ բոյրով:
Ձուկի, սխտորի կամ հաւկիթի հոտը չէզոքացնելու համար աշխատանքի սեղանը եւ ամանեղէնները շփեցէք կիսուած կիտրոնի կտորով մը:
Սառնարանին դրան վրայ կիսուած կիտրոն մը զետեղեցէք, անիկա կը ծծէ անախորժ հոտերը:

 

7 Կիտրոնով փայլեցուցէք ձեր ծորակները, ինչպէս նաեւ լոգարանն ու լուացարանը, զանոնք ձերբազատելով կիրի անախորժ արատներէն:

7
Կիտրոնով փայլեցուցէք ձեր ծորակները, ինչպէս նաեւ լոգարանն ու լուացարանը, զանոնք ձերբազատելով կիրի անախորժ արատներէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

8

Կիտրոնի հիւթով մաքրեցէք ձեր դեղնած եղունգները: Զանոնք 10 վայրկեան մխրճեցէք կիտրոնի հիւթի մէջ, ապա ցօղուեցէք եւ գործածեցէք ձեր սովորական ձեռքի սերը:

9 Ձեր դէմքը մաքրեցէք կիտրոնի հիւթով: Հանքային ջուրի մէջ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ բամպակով մը մաքրերէք ձեր դէմքը: Այս խառնուրդը կը հականեխէ մորթը, նաեւ կը պաշտպանէ բորբոքումներէ եւ առողջ տեսք կու տայ անոր:

9
Ձեր դէմքը մաքրեցէք կիտրոնի հիւթով: Հանքային ջուրի մէջ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ բամպակով մը մաքրերէք ձեր դէմքը: Այս խառնուրդը կը հականեխէ մորթը, նաեւ կը պաշտպանէ բորբոքումներէ եւ առողջ տեսք կու տայ անոր:

10

Կտրտուած աւոքատոն, խնձորը, պանանն ու տանձը չեն սեւնար, եթէ անոնց վրայ կիտրոնի հիւթ աւելցնէք:

11
Կիտրոնի հիւթին քիչ մը աղ աւելցուցէք մաքրելու համար ժանգի, թացանի կամ մելանի հետքերը:աքրեցէք կիտրոնի հիւթով: Հանքային ջուրի մէջ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ բամպակով մը մաքրերէք ձեր դէմքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Պահքի Յատուկ Կաղամբով
Պատրաստութիւն

lenten-recipesԲաղադրութիւն

1 քիլօ կաղամբ
1 խոշոր սոխ կամ համապատասխան քանակութեամբ` կանաչ սոխ
100 կրամ ճերմակ, մանր ձաւար
100 կրամ ալիւր
2-3 պճեղ սխտոր
100 կրամ քահքէի փոշի
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Կարմիր փոշի պղպեղ
Սեւ փոշի պղպեղ
Աղ

Պատրաստութիւն

Կաղամբը 4-ի բաժնել եւ եռացած ջուրի մէջ եփել 8-10 վայրկեան, ապա` քամոցի մէջ փոխադրել:

Խաշած կաղամբը, սոխն ու սխտորը մսաղացով աղալ: Ստացած խիւսին աւելցնել մանրուած ազատքեղն ու համեմները եւ վերջապէս ձաւարն ու ալիւրը:

Ստացուած խիւսը կլոր, տափակ ձեւաւորել, փոշի քահքէի մէջ թաթխել եւ տապկել:

Կարելի է կաղամբը փոխարինել քերոցէ անցած դդումով, այդ պարագային` դդումը խաշելու պէտք չունիք:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութինը

Թուրք Պատմաբանին
Կարդալուց Յետոյ

Ո՞վ է տեսել, որ քարտէզը
Կոկորդ սեղմող մի ձեռք լինի,
Կապոյտ-կանաչ- դեղին գոյնը
Աչքիդ` կարմիր մի վէրք լինի.
Ճշմարիտը ստիպումով
Հազար հանդերձ առնի վրան,
Սուտը` այսքա՛ն երեսպատռած,
Այսքան լկտի ու մե՛րկ լինի:

***

Երբ «տասնըհինգ» են ասում,
Ես «թուական» եմ յիշում,
Երբ «լեռնային» են ասում,
Ես «Ղարաբաղ» եմ յիշում,
Մէջս իրենց հունն ունեն
Բառերն` ինձնից էլ թաքուն,
«Արդարութիւն» են ասում,
Ես որբ իմ Վա՜նն եմ յիշում…

Ս. ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES