Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպի Մէջ Դասական Երաժշտութեան
Նուագահանդէս

Haleb--Hamerk06032014Մարտ 6-ին Հալէպի հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական եզակի նուագահանդէս մը:

Նուագահանդէսը կը հովանաւորէր Հալէպի նահանգապետ Մոհամետ Ուահիտ Աքատ, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան Հալէպի «Սապահ Ֆախրի» երաժշտանոցին, գործակցութեամբ հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ:

Նուագահանդէսի ընթացքին հնչեցին պարոք շրջանի երաժշտական ստեղծագործութիւններ` կատարողութեամբ երաժշտական հետեւեալ եռեակին` երաժիշտ Ժիրայր Ռէիսեան (ռեքորտըր Ֆլիւթ), դաշնակահար Լիզեթ Սէրայտարեան-Աւընեան (դաշնամուր) եւ ջութակահար Ֆետի Թորօ (չելլօ), նուագահանդէսին հնչած վերջին ստեղծագործութեան կատարումին եռեակին միացաւ «Սապահ Ֆախրի» երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ժիրայր Ռէիսեանի:

Դանիէլ Վարուժանի Ծննդեան 130-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, նախաձեռնութեամբ հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մշակութային Յանձնախումբին,  23 փետրուարին եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» հանդիսասրահին մէջ նշուեցաւ նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 130-ամեակը:

Հակառակ քաղաքի մէջ տիրող անապահով վիճակին` հանդիսասրահը լեցուն էր:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիւզան Նեւրուզեան-Տատաղլեան: Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Յովսէփ Գրիգորեան` դաշնակ, Դաւիթ Մելքոնեան` ջութակ, Նարինէ Գոնճայեան` ասմունք: Այնուհետեւ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Վարուժանի  ընտանեկան լուսանկարներէն փունջ մը:

Օրուան բանախօս, հալէպահայ երիտասարդ գրող եւ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան ներկայացուց Դանիէլ Վարուժանի գրականութիւնը:  Ան նաեւ դրուագներ պատմեց նահատակ բանաստեղծի կեանքէն: Շառոյեան դրուագ առ դրուագ ներկայացուց Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղը ծնած Վարուժանի անցած ուղին` Պոլսէն Վենետիկ, Վենետիկէն Կանտ, ու յետոյ վերադարձը երկիր, ուր պաշտօնավարեց իբրեւ ուսուցիչ, մինչեւ իր ձերբակալութիւնն ու աքսորը 24 ապրիլ 1915-ին:

Շառոյեան իր բանախօսութեան մէջ գլխաւորաբար ընդգծեց հետեւեալ կէտերը. ա) Վարուժան իր կազմաւորումով, դաստիարակութեամբ եւ լեզուով ազդուած էր Մխիթարեաններէն, բ) Ան մեր ամէնէն զարգացեալ ու մտաւորական լայն պաշարի տէր գրողներէն մէկն էր. հմուտ գրաբարին ու գիտակ`  եւրոպական քանի մը լեզուներու: Լաւապէս սերտած էր աշխարհի հին պատմութիւնները, կարդացած էր համաշխարհային գրականութեան համբաւաւոր երկերը, գ) 1910-ին հրատարակուած իր «Ցեղին սիրտը» գիրքով  ան արդէն նուաճեց բանաստեղծութեան բարձունքը: Երկու տարի ետք լոյս ընծայուած «Հեթանոս երգեր» հատորով ալ` Վարուժան յայտնուեցաւ իբրեւ մտքի լայն հորիզոնի եւ սուր զգայնութեան, նաեւ` գեղաքանդակ ոճի տէր ինքնադրոշմ քերթող մը, դ) Գաւառը անօրինակ ներշնչումներու աղբիւր մը հանդիսացած էր Վարուժանի համար,  ե) «Հացին երգը» քերթողագիրքը, որուն ձեռագրերը հրաշքով մը փրկուած էին  ոստիկանութեան նկուղներէն, բանաստեղծին գրական կտակն էր, ուր կը փառաւորէ մշակն ու հունձքը, հողագործներն ու աւանդապահները :

Աւարտին խօսք առաւ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, որ գնահատեց ձեռնարկը ծրագրողներն ու յայտագրին մասնակիցները: Ապա ան հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ յուշամետալ մը յանձնեց Լեւոն Շառոյեանին:

Սումկայիթի Ջարդերու
26-
րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Միացեալ Նահանգներ

Փետրուար 23-ին Ուաշինկթընի Հայ առաքելական Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած սումկայիթեան ջարդերու 26-րդ տարելիցին:

Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան բարձր գնահատեց հայ համայնքին եւ անոր տարբեր կառոյցներուն համակարգուած գործունէութիւնը հայութիւնը յուզող, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու յաղթահարման գործին մէջ:

Նոյն օրը Հայաստանի դեսպանութեան եւ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան մասնակցութեամբ պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ Հայ առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

Մոսկուա

moscow-28022014Փետրուար 28-ին Մոսկուայի Հայ առաքելական Ս. Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ տարածքին տեղադրուած խաչքարի մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ  տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն:

Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հակառակ հայ ժողովուրդի հանդէպ գործուած ջարդերու ողջ եղելութեան եւ արձագանգին, տակաւին մինչեւ այսօր չէ ստացած համարժէք գնահատական:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեան, ընդգծեց ռուս հասարակութեան` հայ ժողովուրդի պատմութեան ողբերգական իրադարձութիւններու ճիշդ ներկայացման կարեւոր նկատեց: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց պատմական փաստերու խեղաթիւրման հակազդելուն ուղղուած քայլերը:

Պաթում

batoum02032014Մարտ 2-ին Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին դիմաց ծաղկեպսակներու զետեղում:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 26 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան` շեշտելով, որ այդ սարսափելի ոճրագործութեան մեղաւորները ցայսօր ոչ միայն չեն պատժուած, այլեւ հռչակուած են Ազրպէյճանի հերոսներ:

Ս. Փեթերսպուրկ

Մարտ 2-ին Ս. Փեթերսպուրկի Հայ համայնքի մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սումկայիթի ոճրագործութիւններուն, դատապարտեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութիւնը  շեշտելով,  որ մարդկութեան դէմ գործուած նմանօրինակ յանցագործութիւնները պէտք է իրենց արժանի գնահատականը ստանան համայն մարդկութեան կողմէ:

Նոյն օրը Ս. Կատարինէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարի դիմաց ծաղկեպսակներու զետեղում:

Սթազպուրկ

Մարտ 2-ին Սթրազպուրկի Սուրբ Մատլեն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ:

Եւրոպայի խորհուրդի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ 26 տարի առաջ Սումկայիթի հայ բնակիչները դարձան հայատեացութեամբ բորբոքուած ոճրագործութեան զոհեր եւ այս դէպքերով սկիզբ դրուեցաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու տխրահռչակ քաղաքականութեան: Դեսպանը աւելցուց, որ կատարուած ոճիրները մինչեւ այսօր չեն ստացած համարժէք գնահատականներ:

Պուլկարիա

sofia-28022014-fՓետրուար 28-ին Սոֆիայի հայկական գերեզմանատան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի զոհերու յիշատակի 26-րդ տարելիցի եւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ եւ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն::

Հայաստանի դեսպան Արսեն Սհոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ դաժանօրէն իրականացուած է տեղահանման քաղաքականութիւն եւ պետականօրէն կազմակերպուած յանցագործութիւն:

Ելոյթ ունեցան  նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Վարդանուշ Թոփակբաշեանը եւ ՀԲԸՄ-ի Սոֆիայի մասնաճիւղի ատենապետ Սոնիա Աւագեան:

 

Սպահան

Բանախօսական Երեկոյ` Նուիրուած Սրբոց
Վարդանանց Ազգային–Կրօնական Տօնին

ananiakoudjanian-27022014Հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի եւ նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի վարչութեան, 27 փետրուարին, հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ բանախօսական երեկոյ` նուիրուած Սրբոց Վարդանանց ազգային-կրօնական տօնին:

Մշակութային միաւորի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Թալին Մովսիսեան: Օրուան առաջին բանախօսն էր Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան, որ ներկայացուց տօնը` հոգեւոր դիտանկիւնէն դիտուած: Ան մէջբերումներ կատարեց Եղիշէ պատմիչի գրութենէն` վերլուծելով զանոնք: Անանիա վրդ. Գուճանեան հաստատեց, թէ Աւարայրը կը շարունակուի, այնքան ատեն որ անհրաժեշտութիւն կայ միասնաբար պայքարելու մեր հայրենիքի անսասանութեան, պետականութեան զօրացման, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր սրբազան արժէքներու պահպանման համար:

Օրուան երկրորդ բանախօս, վաստակաւոր ուսուցիչ, պատմաբան Վարուժ Մովսիսեան ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդը` պատմաքաղաքական դիտանկիւնէն վերլուծելով Վարդանանց հերոսամարտի երկու բեւեռներու` Վարդանանց եւ Վասակեանց իրադարձութիւնները`  որպէս հայրենասիրութեան եւ դաւաճանութեան իրողութիւններ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Վարդանանց պատերազմը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք  Կարէն Խանլարեան մեկնաբանեց «Լռեց» երգը:

 

Պարսելոնա

Մասնակցութիւն Պուլկարիոյ
Ազգային Տօնի Նշումին

barchelona-(2).01032014Շաբաթ, 1 մարտ 2014-ին Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան «Հայորդիք» պարախումբը իր ելոյթներով մասնակցութիւն ունեցաւ Պուլկարիոյ Ազգային տօնին նշումին: Միութիւնը ողջունեց  ու շնորհաւորեց պուլկարացի ներկաները իրենց ազգային տօնին առիթով եւ  քաջալերեց, որ ներկայ սերունդը սորվի պուլկարերէնն ու պահէ պուլկարական աւանդոյթները: Կազմակերպող կողմը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական մշակութային միութեան եւ յուշանուէրներ պարգեւեց կազմակերպութեան:

Ճատրակի մրցաշարք

barchelona-(1).chessԿիրակի,    2 մարտ 2014-ին Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան նախաձեռնող խումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք, Հայ տան մէջ: Սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին  18 հայորդիներ: Բարի գալուստի խօսքէն եւ մասնակիցները իրար ողջունելէ ետք սկսան մրցիլ: Մրցաշարքի առաջին տեղը գրաւեց Հրաչ Քարէեան, երկրորդ տեղը` պրն. Ստիուարտ Ֆրանքլին, երրորդ տեղը` Սամուէլ Մելքումեան: Խրախուսական մրցանակ ստացան երկու փոքրիկներ` Արամայիս Պետրոսեանն ու Աշոտ Յարութիւնեանը: Փակման խօսքի ընթացքին կազմակերպութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու բոլոր մասնակցիներուն, որոնք տեղեկանալով մրցաշարքի մասին` ցանկութիւն յայտնած էին ներկայ գտնուիլ ու մասնակցիլ:

 

Լիթվիա

Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Փետրուար 26-ին Վիլնիւսի մէջ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի «Մարդկանց պատմութիւնը պատերազմի եւ խաղաղութեան ժամանակ» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ բեմադրիչ իտիս Լուկշաս, որ նկատել տուաւ, թէ ժապաւէնը հոգեհարազատ է լիթվիացիներուն, անկեղծ ու անհրաժեշտ է եւ որեւէ կերպով չի որակուիր որպէս միակողմանի պաշտօնական քարոզչութիւն:

Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը ստիպուած եղաւ պատերազմով խաղաղութիւն ձեռք բերել: Ան նշեց, որ ժապաւէնի ցուցադրման օրը կը զուգադիպի սումկայիթեան ջարդերու 26-րդ տարելիցին հետ, որով Ազրպէյճանը փաստօրէն նախընտրեց հարցերը լուծել հայատեացութեան եւ պատերազմի լեզուով:

Յիշեցնելով, որ մէկ տարի առաջ նոյն օրը Լիթվիոյ Սէյմասի (խորհրդարան) մէջ ստեղծուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբ եւ շեշտելով կարեւորութիւնը Սէյմասի անդամներու սկզբունքայնութեան եւ հաւատարմութեան այն արժէքներուն, որոնք միասնական դարձուցած էին լիթվացի եւ հայ ժողովուրդները մեր պետականութեան վերականգման ճամբուն` Հայաստանի դեսպանը խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիտէին յանձնեց այդ կապակցութեամբ ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանին շնորհաւորական ուղերձը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Այցելութիւն Նիւ Եորքի
Հայկական Ծերանոց

Paul-SaksourianՓետրուար 12-ին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան այցելեց Նիւ Եորքի հայկական ծերանոց եւ կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2014 տարուան «Տարեցներու տարի» հռչակումը: Որպէս յարգանք վեհափառ հայրապետին` Տան բնակիչներէն,  արուեստագէտ Փոլ Սաքսուրեան խօսք առնելով` երախտագիտութիւն  յայտնեց Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ` նուիրելով Արամ Ա. կաթողիկոսին պատկերը: Ան նկատել տուաւ, որ ինք գծած է պատկերը վեհափառ հայրապետին` իր կողքին ունենալով Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան յուշարձանը` որպէս խորհրդանիշ իր նուիրեալ եւ տքնաջան աշխատանքին, յատկապէս` մեր ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան եւ Դատին նկատմամբ:

 

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց
Կոկիկեան  Հիմնարկի
Վարիչ–Տնօրէնին Այցելութիւնը

gogigianՓետրուար 26-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք.  Մարտիրոսեան ընդունեց «Կոկիկեան» հիմնարկի վարիչ-տնօրէն Սուհէյլա Հայեքի այցելութիւնը,  որ  ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի  հիմնարկին առաքելութիւնը մօտէն ծանօթացնելու նպատակով:

Հայեք տեղեկացուց, թէ «Կոկիկեան» հիմնարկը ոչ  հասութաբեր,  ապաքաղաքական հիմնարկ մըն է` հիմնուած 2008-ին Լիբանան, նախկին դեսպան  Ճան Կոկիկեանի որդիին` Միշէլ Կոկիկեանին կողմէ,  առաքելութիւն ունենալով կրթաթոշակ եւ նիւթական  օժանդակութիւն հայթայթել լիբանանահայ  երիտասարդներուն, որպէսզի քաջալերուին  մաս  կազմելու հանրային ծառայութեան բաժանմունքներուն: Հայեք բացատրեց, որ «Կոկիկեան» հիմնարկը նպատակ ունի բարելաւել լիբանանցի ժողովուրդին առօրեայ կեանքն ու կեանքի չափանիշը` քաջալերելով  երիտասարդութիւնը, որ հանրային ծառայութեան բաժանմունքներու մէջ թափանցեն եւ դրական  փոփոխութիւններ յառաջացնեն երկրին մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց հիմնարկին վարիչ-տնօրէնը եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց   Միշէլ Կոկիկեանին, որ անկարող եղած էր մասնակցիլ այցելութեան: Հաստատելով,  թէ  երիտասարդութեան մասնակցութիւնը  էական է երկրի մը ապագային համար, սրբազան հայրը գնահատեց հիմնարկին ջանքերը եւ յաջողութիւն  մաղթեց իրենց տարած այս կարեւոր  առաքելութեան մէջ:

Գիրքի Շնորհահանդէս

Anna-Asdvadzadourian_kirkՓետրուար 27-ին Նիւ Եորքի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթթի «Ոչ մի տեղ` աքսորի մի պատմութիւն» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքին մէջ կ՛արտացոլայ հեղինակին անձնական պատմութիւնն ու յուշերը` Պաքուի հայութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ:

Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Կարեն Նազարեան բարձր գնահատեց հեղինակին աշխատութիւնը` կարեւոր նկատելով Միացեալ Նահանգներու հասարակական կարծիքի իրազեկման ուղղուած հեղինակին շարունակական ջանքերը: Ան յայտնեց, որ ամէնամեայ ոգեկոչման արարողութիւնները առիթներ են համախմբելու համահայկական ներուժն ու կարողութիւնները` Ազրպէյճանի կեղծ քարոզչութեան դէմ արդիւնաւէտ ու նպատակաուղղուած պայքար տանելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES