Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Վախճան Սահակ Պարթեւ Հայրապետի

«Որ մահկանացու ծնեալ, անմահ զիւրն յիշատակ եթող» (Մ. Խորենացի)

Սահակ կաթողիկոս` ինչպէս իր կեանքի վերջին տասնամեակին ապրեցաւ յուսախաբութիւններով ու տագնապներով լեցուն շրջան մը, նոյնպէս ալ դժբախտաբար զլացուեցաւ իրեն փակելու իր աչքերը խաղաղ ու հանգիստ կերպով, եթէ ոչ Վաղարշապատի, գէթ Բագրեւանդի հայրապետանոցին մէջ: Պատճառը այս անգամ պարսկական բանակներու հայոց աշխարհ ներխուժումն էր:

Վռամ արքայ իր թագաւորութեան 21¬րդ տարին` 428¬ին մեռաւ եւ անոր յաջորդեց իր որդին` Յազկերտ Բ.: Խորենացի կ՛ըսէ, սա Պարսկաստանի` Բիւզանդիոնի հետ ունեցած խաղաղութեան դաշինքը մոռնալով, հազիւ որ թագաւորական գահ բարձրացաւ, պատերազմական գործողութեանց ձեռնարկեց` յարձակելով Մծբինի մօտ եղած յունական զօրքին վրայ, միաժամանակ հրամայեց Ատրպատականի պարսկական գունդին` յառաջանալ Հայաստանի ճամբով դէպի ռազմադաշտ:

Որովհետեւ Բագրեւանդը պարսկական յառաջացող բանակի ճամբուն վրայ էր, Սահակ կաթողիկոսի աշակերտները մտածեցին ծերունազարդ հայրապետը փոխադրել աւելի ապահով վայր մը. սակայն ճանապարհի յոգնութիւնն ու շտապողականութիւնը, անոր յառաջացած տարիքը պատճառ եղան, որ ան ծանրօրէն հիւանդանայ: Ուստի, պարտաւորուած,  տարին զինք մօտակայ Բլուր կոչուած գիւղը` պարսկական զօրքերէն հեռու, լերան ստորոտը, խաղաղ անկիւն մը, ուր քանի մը օր յետոյ տալով իր վերջին պատգամները եւ բաշխելով իր օրհնութիւնները` աւանդեց իր հոգին:

Կորիւն «Վարք Մաշտոցի»-ի մէջ (Գլ. ԻԴ) նկարագրելով Սահակի մահուան պարագաները` կը յիշէ, որ անոր շուրջն էին «իր ձեռնասուն աստուածասէր» աշակերտները, որոնց գլուխն էր սարկաւագապետ Երեմիան: Նաեւ ներկայ էր աստուածասէր տիկինն Մամիկոնէից, դստրիկը` Վարդան Մամիկոնեանի կինը:

Ազնուական դասակարգի աշխարահականներու եւ հոգեւորականներու խումբը «վերցուցին սուրբին [մարմինը], սաղմոսներով եւ օրհնութեամբ եւ հոգեւոր երգերով, գիշեր ու ցերեկ ճամբորդելով` տարին ու հասցուցին Տարօն, մինչեւ բուն իսկ Աշտիշատ գիւղը»:

Փարպեցի հետեւեալ յաւելեալ տեղեկութիւնները կու տայ այդ մասին.

«Սուրբին տենչալի մարմինը քահանաներու եւ ազատներու բազմութեամբ տարին Տարօն գաւառը, իր սեփական ու բնիկ գիւղը, որ կը կոչուի Աշտիշատ եւ այնտեղ սուրբին համար հանգստարան շինելով` անոր արդար մարմինը թաղեցին ըստ արժանւոյն: Այնտեղ ալ մեծապայծառ եկեղեցի եւ սրբոց վկայարան կառուցելով` զարդարեցին պատուական ու մեծագին սպասներով: Նոյն վայրին մէջ հիմնեցին եւ կառուցեցին պաշտօնեաներու համար կացարաններ, բազմանդամ միաբանութեան ապրուստի համար սահմանեցին հասոյթներ: Նաեւ [հաւատացեալներու] միահամուռ բազմութիւնը հաստատեց ամէն տարի կատարուելիք տօնը, որպէսզի բազմամբոխ ժողովուրդը, գաւառի ազատներն ու քահանաները եւ ըստ կարելւոյն` նոյնիսկ հեռաւոր վայրերէ եկողները կամաւոր յօժարութեամբ տօնեն անոր վախճանման օրը:

«[Այդ սրբատեղին] այցելողները սուրբի նշխարներէն ամէն տեսակի հիւանդութեանց դէմ բժշկական շատ օգնութիւններ կը ստանային եւ ուրախալից սրտով կը վերադառնային իրենց բնակութեան վայրերը»:

Փարպեցի նաեւ ուրիշ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը կու տայ Սահակ կաթողիկոսի վախճանումի նախօրեակին կատարած կտակին մասին: Որովհետեւ Սուրբ Սահակ արու զաւակ չունէր, կ՛ըսէ, այլ միայն աղջիկ մը, որ ամուսնացած էր Մամիկոնէից տէր եւ հայոց բանակի սպարապետ Համազասպի հետ եւ այդ ամուսնութենէն ծնած էին իր երեք թոռները` «Սուրբ Վարդանը, Սուրբ Հմայեակը եւ Երանելին Համազասպեանը», ան իր գիւղերն ու ագարակներու հասոյթները եւ իրեն պատկանող ամէն ինչը տուաւ անոնց եւ անոնց զաւակներուն` իբրեւ յաւիտենական ժառանգութիւն*:

Ըստ Խորենացիի, ան «յիսունմէկ տարի եպիսկոպոսապետութիւն ընելէ ետք այս երկրաւոր կեանքէն յաւիտենական կեանք փոխադրուեցաւ» եւ այդ առիթով` կարծէք չքմեղանքով կ՛աւելցնէ. «Անոր մասին մենք պէտք է փառաւոր ճառ գրէինք, դրուատէինք մեր Սուրբ Հայրը, ինչպէս որ արժանի է, բայց որպէսզի այս գլուխի երկարութիւնը ձանձրոյթ չպատճառէ ընթերցողին, կը խոստանանք ընել այն այլ տեղ, այլ առիթով»:

Այսուհանդերձ, երկարապատում ճառերէն աւելի կարեւոր հաստատում մը կը կատարէ մեր պատմահայր Խորենացին, երբ Սուրբ Սահակի մասին իր գնահատական արտայայտութեանց որպէս խտացում, իր քերթողահայր կոչումին վայել ոգիով կ՛արձանագրէ պատմութեան համար հետեւեալը` «ՈՐ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒ ԾՆԵԱԼ, ԱՆՄԱՀ ԶԻՒՐՆ ՅԻՇԱՏԱԿ ԵԹՈՂ». ան մահկանացու ծնելով` անմահ թողեց իր յիշատակը**:

Կարելի է երկար մտածել ու խորհրդածել այս մէկ կարճ նախադասութեան մասին: Պատմութեան մէջ բացառիկ անձնաւորութիւններ կան, որոնք իրենց կեանքով ու գործով կը յիշատակուին դարէ դար: Թէեւ անոնք մարմնով կը բաժնուին այս աշխարհէն, սակայն իրենց ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեամբ կը շարունակեն ապրիլ իրենց ժողովուրդին մէջ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ, Կ՛ԱՆՄԱՀԱՆԱՆ:

Սահակ հայրապետ անկասկած որ այդ սակաւաթիւ բացառիկ անձնաւորութիւններէն մէկն էր:

Սահակի վախճանումով վերջ գտաւ, արու զաւակի գծով, Լուսաւորչի ազգատոհմի շարունակականութիւնը եւ ուստի Սահակ եղաւ վերջինը Գրիգոր Լուսաւորիչի սերունդէն, որ հայրապետական գահ բարձրացաւ: Ապրեցաւ աւելի քան 90 տարի, որոնց 51 տարիներու ընթացքին մեծ նուիրումով, քաղաքական հեռատեսութեամբ, հայրական հոգածութեամբ, սրբակեաց կեանքով եւ իմաստութեամբ ծառայեց Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

(Շար. 14)

* Փարպեցի, անդ, Գլ. ԺԲ, էջ 82-85:
** Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԷ:

Share this Article
CATEGORIES