Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով. Զրոյց Ուսուցիչի Մը Հետ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
9 մարտ 2014: Ուսուցիչները մէկ օր արձակուրդ ունին: Բարեկամ ուսուցիչ մը կը շնորհաւորեմ եւ կը մաղթեմ յաջողութիւն: Քոլեճի վերջին դասարաններու գիտութեան եւ ուսողութեան դասատու է:
Զինք շնորհաւորելէ ետք խօսքին կատակը միացնելով` ըսի.
– Աշակերտներէն ի՞նչ նուէր ստացաք…
– Ոչինչ, վերի կարգերու ուսուցիչները նուէր չեն ստանար: Միայն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչները: Միջնակարգի եւ աւարտական դասարաններու աշակերտները մեծցած են, կ՛ամչնան:
Նուէր տալը մանուկներու կը վերաբերի կ՛ըսեն: Բայց լաւ եղաւ, որ այս հարցումը կէս կատակ-կէս շիտակ ուղղեցիք ինծի: Պէտք է ըսեմ, որ արդար վերաբերում մը չէ այս ծնողներուն կողմէ: Այս կ՛ըսեմ թէ ի՛մ նուէր չստանալուս համար, ուրախ եմ, որ նուէր չեմ ստանար, այլ բուն պատճառը այն է, որ կողմնակալութեան, ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան մէջ անբնական կապ մը կը հաստատուի: Հարցը կը հասնի այն աստիճանի, որ նուէր ստացող ուսուցիչը այդ աշակերտին նկատմամբ նպաստաւոր տրամադրութիւն մը կ՛ունենայ ստիպողաբար:
Այս սովորութիւնը կարգ մը վարժարաններ վերցուցած են: Շատ լաւ ըրած են, որպէսզի աշակերտներուն միջեւ նախանձի չքաւորի-հարուստի հարց չծագի: Ծնողք մը կրնայ սուղ արժէքով նուէր մը տալ ուսուցչուհիին, չունեւոր ծնողքը կարողութիւն չունին, զաւակը ինքզինք անտեսուած կը նկատէ, հոգեկան խռովք կ՛ապրի: Միւս կողմէ միտքերու մէջ կը գոյանայ խորհրդածութիւն մը, թէ ուսուցչուհին «լաւ աչքով» պիտի նայի այն աշակերտին, որմէ լաւ նուէր մը ստացած է, թէ` ծաղիկ մը ստանալով չէ գոհացած: Ծաղիկը, որ ինքնին գեղեցիկին, բարիին-ազնիւին եւ մանաւանդ սիրոյ Խորհուրդ կը փոխանցէ, նկատի չ՛առնուիր: Երկմտութիւն, արհամարհուած ըլլալու կասկածի տրամադրութիւն կ՛ունենայ այն աշակերտը, որ չէ կարողացած յարմար նուէր մը ընծայել, իսկ միւս մանուկ կամ պատանի աշակերտը, որ կարողացած է պարծենալով արժէքաւոր նուէր մը ընծայած ըլլալ, ինքզինք պիտի նկատէ բարձր դասակարգի զաւակ, իսկ միւս խեղճուկը, կ՛ունենայ նուաստացած ըլլալու տրամադրութիւն: Ես իմ ուսուցչական տարիներու ասպարէզիս մէջ նկատած եմ այս ամէնը եւ սրտի ճմլում ունեցած եմ: Ըսեմ նաեւ, որ ես ալ զաւակներ ունիմ տակաւին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին դասարանի աշակերտ, մենք ալ մտանք այս «խաղին» մէջ: Ես ուսուցիչ մը ըլլալով սիրով 100 տոլար տրամադրեցի: Ես ունէի այնքան գումար, վճարեցի: Բայց դպրոցին մէջ տիրող անցուդարձը զիս յուզեց եւ մտահոգեց: Ականատես եղայ տագնապին այն մայրերուն, որոնք մտահոգուած իրարու կը հարցնէին.
– Ի՞նչ նուէր տամ արդեօք, ուսուցիչներու տօնը մօտեցաւ:
Տեսայ նաեւ տխուր աշակերտներ, որոնք ոչինչ կրցան նուիրել իրենց օրիորդներուն…:
Տեսած եմ նաեւ մայրեր, որոնք սուղ գինով անուշահոտ նուիրած են: Մայր մըն ալ սուղնոց լուսանկարչական գործիք մը, ուրիշ մը` բջիջային կազմած մը: Եթէ ուսուցիչը յարգելու, պատուելու հարց մը կայ, այդ պէտք է ըլլայ կողմնակի, առանց հրապարակաւ, ուսուցիչը հրաւիրելով տեղ մը, կամ ուսուցչական կազմը յարգելու նոր ձեւ մը որոնէ, առանց ցուցամոլութեան, յարգանքը առանց մեծամտութիւն խառնելու:
Կարճ խօսքով ըսեմ, որ ուսուցիչներու օրը կը վերածուի մրցակցութեան օրուան:
Երբ ծաղիկ մը արժէք չունենար եւ նիւթով կը բացատրուի… Ուսուցիչը կը յարգուի, երբ կ՛ունենայ հոգեկան գոհունակութիւն իր աշակերտին դաստիարակուած ըլլալը հաստատելով, եւ իր փոխանցած դասերը արդիւնաւորուին տիպար աշակերտներու ներկայութեամբ»:
Քաղքենիութեան պատկեր մը կը պարզուի նուէր փոխանցելու արարքին մէջ: Մաղթենք որ ուսուցիչներ յարգուին իրենց արդար վաստակը ստանալով:
Լսեցինք այս վաստակաշատ ուսուցիչին խօսքերը, որոնք անկեղծ արտայայտութիւններ էին: Յուսանք, որ մեր կրթական հաստատութիւնները նկատի կ՛առնեն այս իրողութիւնը, այս տեսակէտը:

