Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» Սրահին Մէջ. Հայ Աշուղական Երգերու Ունկնդրութեան Աննախընթաց Երեկոյ

Կ. Ա. 

IMG_1869Երաժշտութիւնը առհասարակ, ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը փոխանցելու կողքին, ունկնդիրին հոգին կ՛առինքնէ ու կ՛ազնուացնէ, ինչպէս նաեւ կը պարգեւէ հոգեկան բերկրանքի եւ յուզումի անկրկնելի պահեր: Այս իմաստով աշուղական երգը, որ յօրինուած է նոյնինքն աշուղներու կողմէ, կը խաղաղեցնէ մարդու հոգին եւ սիրոյ զգացումներ կ՛արթնցնէ: Թէեւ աշուղական երգերու ունկնդրութիւնը այսօր նահանջած է յատկապէս նոր սերունդին մօտ, բայց անոր արժէքը էապէս կը մնայ անկրկնելի:

Իր տեսակին մէջ եզակի եւ աննախընթաց աշուղական երգերու ունկնդրութեան երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ շաբաթ, 22 փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, համանուն եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, Դպրաց դասի ատենապետ Լենա Սէյիսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ երգը ու յատկապէս աշուղականը միշտ լսելու եւ մեր աւանդութիւնները վառ պահելու հրամայականը:

IMG_2345Յիշարժան այս երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրապետ եւ խմբավար Գէորգ սրկ. Պէպէճեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճեմեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Մանուկ Մինասեան եւ Հայկանա Մուրատեան: Երգեհոնով ընկերակցեցան Սեդօ Պաղտասարեան եւ Յովիկ Ատուրեան:

Արուեստագէտները բեմին վրայ զետեղուած յատուկ աթոռներուն վրայ բազմած էին` վերյիշեցնելով եւ մանրապատկերը կազմելով անցեալի մեր գուսաններուն, որոնք սարի կատարին կը նստէին ժողովուրդին մատուցելով աշուղական երգեր:

Այս հոյլ մը արուեստագէտները ներկայացուցին սիրային երգեր հանրածանօթ աշուղներ` Սայաթ Նովայի, Գուսան Շերամի եւ Գուսան Աշոտի ստեղծագործութիւններէն, որոնք գնահատուեցան աւելի քան հարիւր յիսուն ներկաներուն կողմէ: Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ սիրային երգեր` հանրածանօթ այլ երաժշտահաններէ, ինչպէս նաեւ` մենապար մը:

IMG_2039Երեկոյի ընթացքին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչը սրտի խօսք արտասանեց գնահատելով այս երեկոյին կազմակերպումը եւ արուեստագէտներու կամաւոր մասնակցութիւնը:

Երեկոն վերջ գտաւ եւ ժողովուրդը մեկնեցաւ սրահէն հայ աշուղական երգերու ունկնդրութեամբ յագեցած` սպասելով նմանօրինակ երեկոյի մը դարձեալ կազմակերպումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES