Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբի «Ոսկիի Կարասը» Ներկայացումը
Ուրբաթ, 14 մարտ 2014-ին Պէյրութի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբի «Ոսկիի կարասը» թատերախաղը: Նկատի ունենալով, որ «Ազդակ» միշտ կը քաջալերէ դպրոցական նման նախաձեռնութիւններ, ստորեւ կը հրատարակենք հարցազրոյց մը, որ կատարուած է ներկայացման հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ «Ոսկիի կարասը»:
Ռ. Ա.- Ամիսներ առաջ իմ ծննդավայր Դսեղ գիւղի մէջ հողը փորելու ժամանակ խոշո՜ր կարաս մը գտայ: Կը սպասէի, որ լեցուն ըլլար ոսկիով, սակայն երբ բարձրացուցի քարէ կափարիչը, յուսախաբ եղայ. կարասը պարապ էր:
Անցորդներու կարծիքով, ես երջանիկ մարդ էի, որովհետեւ «Ամէնուն վիճակուած չէ կարաս գտնել, թէկուզ` պարապ»: Այնտեղ մանուկներ կային, իմաստուն ծերունի մըն ալ կար, որ յայտնեց իր կարծիքը, «Ինչ արժէք ունի ոսկին: Իսկական գանձը այս ժպտերես ու կայտառ մանուկներն են: Անոնք Աստուծմէ մեզի տրուած նուէրներն են, մեր ոսկի ապագան, մեր անգին գանձերը»: Զգացի, որ արդէն իսկ ունիմ այս գանձերը, որուն համար երջանիկ եմ: Անոնք զաւակներս են, աշակերտներս, «Արեգ»-ը, «Երազն»-ը… Ուրեմն կարասը պարապ չէր: Ես անոր մէջ գտած էի «Երազ» թատերախումբի այս տարուան բեմադրութեան նիւթը: Ընդլայներով անմահ Թումանեանի փոքրածաւալ, սակայն իմաստուն պատգամներով լեցուն հեքիաթը` գործընկերներուս եւ «գանձերուս» հետ իրագործեցինք «Ոսկիի կարասը» ներկայացումը:
Հ.- Այս տարի «Երազ»-ի հիմնադրութեան 15-ամեակն է, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք թատերախումբին անցած ուղին:
Ռ. Ա.- 15-ամեայ գործունէութեան ընթացքին թատերախումբը բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկած է Պէյրութի, Այնճարի, Դամասկոսի, Հալէպի, Երեւանի բեմերուն վրայ, որուն ելոյթներուն պարբերաբար արձագանգած են հայրենի արուեստագէտներ, մամուլը, հեռատեսիլն ու ձայնասփիւռը, օտար եւ լիբանանահայ պարբերականներ: Թատերախումբը ունի մնայուն բեմադրական կազմ, որուն ընդհանուր պատասխանատուն վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեանն է, բեմայարդարման, տարազներու եւ բեմի իրերու իրագործումը ստանձնած է Լենա Ճորճեանը, պարերու բեմադրութիւնը եւ ձայնասփռումը վստահուած է Մարիա Շէնզեանին, լուսաւորումը Սեդա Մըթրպեանին: Միջնակարգ վարժարանի բեմէն անցած բազմաթիւ դերասաններուն շարունակ փոխարինած են նորերը` ամէն ինչ սկսելով սկիզբէն:
Հ.- Ձեր ներկայացումները սովորաբար բազմամարդ են…
Ռ. Ա.- Մանկապատանեկան թատերախումբը իւրօրինակ դպրոց մըն է, իսկ ներկայացումները` իսկական իրադարձութիւն, տօն: Թատերախումբի իւրաքանչիւր անդամի մէջ մեծ է սէրը թատրոնին հանդէպ: Անոնք ամիսներով կը սպասեն իրենց դերերուն: Այդ սէրը արժէք մըն է, հետեւաբար անհրաժեշտ է պահպանել եւ զարգացնել այդ արժէքը, բեմ բարձրանալու առիթ տալ բոլորին, ստեղծելով` գեղագիտական ճաշակ, փորձառութիւն եւ մշակութային կերտուածք ձեռք բերելու հնարաւորութիւն:
Քանի մը անձերով ներկայացում բեմադրելը աւելի դիւրին է, բայց` նուազ արդիւնաւէտ:
Հ.- Իսկ եթէ ընտրուած նիւթին մէջ դերերուն թիւը սահմանափակ է…
Ռ. Ա.- Այդ պարագային արուեստագէտի անսահման երեւակայութիւնը կրնայ փոքրածաւալ ստեղծագործութիւնը վերածել ընդարձակ, բազմամարդ ներկայացման: Դժուար սկզբունք է, սակայն շա՛տ արդիւնաւէտ: Այսպէս, իւրաքանչիւր դերակատար իր լուման ներդրելով, կը նպաստէ ներկայացման յաջողութեան` զգալով հաւաքական աշխատանքին հաճոյքը:
Հ.- Որքա՞ն ժամանակ պահանջուեցաւ «Ոսկիի կարասը» ներկայացման իրագործման համար:
Ռ. Ա.- Այսօրուան աշակերտը բազմազբաղ է` ծանր դասեր, խճողուած կենցաղ, բազում խոչընդոտներ… հետեւաբար կը բաւարարուինք շուրջ հինգ ամիս, շաբաթական մէկ օր փորձերով: Ճիշդ աշխատելու պարագային, փորձերու այդ քանակով կարելի է լիարժէք ներկայացում ստանալ:
Հ.- Ի՞նչ եղանակով:
Ռ. Ա.- Պարզապէս պէտք է սեղմ ժամանակի մէջ աշխատանքի արդիւնաւէտ բաշխում կատարել, իւրաքանչիւրին ճիշդ յանձնարարութիւններ տալ, ստոյգ հաշուարկներ ընել, զուգահեռ պատրաստութիւններ տեսնել` կապուած բեմայարդարման, տարազներու, հնչիւնային ձեւաւորման, համադրման, լուսաւորման, բեմի իրերու հետ…
Հ.- Բեմադրութիւնը ե՞րբ կը նկատէք աւարտած:
Ռ. Ա.- Անթերի ստեղծագործութիւններ չկան, ինչպէս որ չկան անթերի մարդիկ: Երէկուան ստեղծածդ այսօր չես հաւնիր: Կ՛ուզես շարունակ աշխատիլ, փոխել, շտկել, ստեղծագործել, յայտնաբերել, սակայն ի վերջոյ ժամանակը կ՛աւարտէ աշխատանքդ, կ՛աւարտէ այնպէս, որ ներկայացման ընթացքին բեմադրիչը քուլիսներու ետին այլեւս ընելիք չունենայ: Գերագոյն հաճոյք է` հանդիսատեսին հետ հանգիստ նստիլ սրահին մէջ եւ դիտել սեփական աշխատանքդ:
Հ.- Ի՞նչ խնդիրներ կը շօշափուին «Ոսկիի կարասը» ներկայացման մէջ:
Ռ. Ա.- Ներկայացման մէջ բոլոր տարիքի հանդիսատեսներուն ուղղուած խորհրդածութիւններ կան: Կը շօշափուին մեծ ու փոքր հարցեր, կը վերլուծուին կեանքի այլազան ոլորտներուն վերաբերող դժուարութիւնները, ահազանգ կը հնչէ արտագաղթի մասին, կը շեշտուի հայրենի տաճարին համար իւրաքանչիւրիս սիւն դառնալու անհրաժեշտութիւնը… եւ քանի որ «իսկական գանձը մեր ժպտերես ու կայտառ մանուկներն են», կը նշանակէ, որ ապագան այնքան ալ մշուշոտ չէ:
Հ.- Իւրաքանչիւր ներկայացում ժամադրութիւն մըն է հանդիսատեսին հետ: Ի՞նչ կ՛ակնկալէք այդ հանդիպումէն:
Ռ. Ա.- Հանդիսատեսը ներկայացման գլխաւոր դերակատարն է, խաղընկեր, որուն հետ պիտի կայանայ ներկայացման յանպատրաստից երկխօսութիւնը:
Կը փափաքինք, որ այդ հանդիպումը կայանայ արուեստի պայծառ ջահի լոյսի ներքոյ, որպէսզի ամէն ոք այդ ջահի լոյսէն մասնիկ մը տանի իրեն հետ:

