Յարգանք Ու Խոնարհում Վարդանանց Յիշատակին
Նախորդ տարիներու աւանդութեան իբրեւ շարունակութիւն, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Վարդանանքը:
Բեմը յանձնուած էր դպրոցի թատերական խմբակի անդամներուն.
«Սիրելի՛ տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ, դասընկերներ-դասընկերուհիներ: Ամէն տարի թէ՛ մեր դասարաններուն մէջ եւ թէ՛ այս բեմէն, մեզի կը խօսին, կը պատմեն ու կը ներկայացնեն Վարդանանց պատերազմի խորհուրդն ու անոր պատմական նշանակութիւնը: Թոյլ տուէք, որ այս տարի մենք` աշակերտնե՛րս ներկայացնենք այն, ինչ որ սորված ու իւրացուցած ենք», ըսին անոնք:
Աշակերտները բաւական դիպուկ կերպով փոխանցեցին օրուան խորհուրդն ու պատգամը: Անոնք բեմ հրաւիրեցին… Սասանեան Պարսկաստանի Յազկերտ թագաւորը, որ տիրական քալուածքով մօտեցաւ, զննեց չորս կողմը եւ զարմացական հայեացքը հայաշունչ սրահին ուղղելով ըսաւ.
– Այս ի՞նչ կը տեսնեմ, աշխարհի վրայ դեռ հա՞յ կայ…
– Անշուշտ, Յազկե՛րտ: Անվերջ ենք մենք ու անվերջ է մեր քաջութիւնը: Տասնվեց դար անցած է այն օրէն, երբ մեր քաջազունները քեզի դէմ պատերազմեցան ու այսօր, այս սրահին մէջ, դուն կը տեսնես անոնց ժառանգորդները, որոնք բոլորն ալ հայրենասէր են…- պատասխանեց Վարդանի դերակատար մանչուկը:
– Մենք Լիբանանի հողին վրա՛յ կ՛ապրինք, բայց մենք Հայաստանի զաւակներն ենք, Յազկերտ,- թնդաց սրահը: Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները: Անոնք արտասանեցին, երգեցին, Եղիշէէն ընթերցումներ կատարեցին, իսկ երէցները հասկցան ու անգամ մը եւս համոզուեցան, որ աշխատանքը, ազնիւ ու նուիրեալ աշխատանքը, ապարդիւն չ՛անցնիր բնաւ:
– 451 թուականի մայիս 26-ին քաջարի Վարդանանք պատերազմեցան եւ ապացուցեցին, որ ոչ ոք կրնայ կոտրել հայու ոգին:
– Հայը այսօր ուժեղ է իր Հայաստանով, իր քաղաքամայր Երեւանով, իր սփիւռքով, իր գիտնականներով, իր տաղանդաւոր զաւակներով, նաեւ….
– Նաեւ մեզմով, – կրկին թնդաց սրահը,- մենք հա՛յ ենք, քաջարի Վարդանանց արժանի յաջորդները:
Աշակերտները իւրովի ապացուցեցին, թէ որքան գիտակից ու նաեւ նախանձախնդիր են իրենց ազգային արժէքներուն եւ սրբութիւններուն նկատմամբ:
Դպրոցի կրօնի ուսուցիչ Սարգիս քահանայ Սարգիսեանը օրհնեց աշակերտները եւ մաղթեց, որ անկոտրում մնան իրենց հաւատքին մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացաւ նաեւ տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը եւ ի սրտէ գնահատեց ու գովեց աշակերտները:

