Գործակցաբար Լիբանանի Կարմիր Խաչին Մեսրոպեանականներ Հետեւեցան Նախազգուշական Օգտաշատ Դասընթացքի Մը
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի կարմիր խաչին, կիրակի, 16 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 4:00, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախազգուշական դասընթացք, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ երկրորդական բաժանմունքէն 24 աշակերտ:
Հաւաքի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Լիբանանի կարմիր խաչի դաստիարակչական բաժինի պատասխանատու Ագապի Անղելոփաուլոն, որ ներկայացուց նախազգուշական գիտելիքներուն կարեւորութիւնն ու արժէքը:
Ապա Մոհամետ Հարաքէ փոխանցեց գործնական գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ: Աշակերտները դասընթացքին ստացան նախնական գիտելիքներ, որպէսզի արկածներու ընթացքին դիմեն ճիշդ քայլերու:
Այս առիթով, երեքշաբթի, 4 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, միջնակարգ-երկրորդական բաժանմունքներու բակին մէջ տեղի ունեցաւ դասընթացքին մասնակցող աշակերտներու հաստատագիրներուն փոխանցումը:
Ագապի Անղելոփաուլօ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանին լուրջ եւ որակաւոր մասնակցութիւնը եւ հաստատեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները դասընթացքին օրինակելի կարգապահութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ բերին իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը, ինչ որ չ՛երեւիր բազմաթիւ դասընթացքներու ընթացքին:
Իր կարգին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը, եւ յոյս յայտնեց, որ այսպիսի ծրագիրներ հերթական դրութեամբ եւ այլ բնագաւառներու մէջ կ’իրականան, որովհետեւ օգտակար են եւ կարեւոր: Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կարմիր խաչին, որ իրականացուց այս նախաձեռնութիւնը: Աւարտին, աշակերտները ստացան իրենց հաստատագրերը:

