Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի Ուսուցչաց Տօնի Արժանավայել Նշում

Aksor-1-teachers-dayՈւրբաթ, 7 մարտ 2014-ին առաւօտեան կանուխ ժամերէն արտասովոր եռուզեռ կար Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի շրջափակին մէջ: Աշակերտները ծաղիկներով, նուէրներով, շնորհաւորական բացիկներով իրենց յարգանքը ու սէրը կ՛արտայայտէին իրենց ուսուցիչներուն` Ուսուցչաց տօնին առիթով, իսկ ատենամարզանքի պահուն անոնք իրենց պատրաստած յայտագիրը ձօնեցին իրենց թանկագին ուսուցիչներուն:

Ուսուցչաց տօնի մեծարանքի հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկան վեցերորդ դասարանի աշակերտներ Ժոել Գասապեան եւ Հելենա Թաննուս: Անոնք նշեցին, որ իրերայաջորդ սերունդներ ակնածանքով կ՛արտասանեն ուսուցիչ բառը: Առաջին ուսուցչապետ` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ժառանգորդ հանդիսացող հայ ուսուցիչը դարեր շարունակ պահպանած է այդ վսեմ անունը:

Անոնք նշեցին, որ կան ուսուցիչը բնութագրող բազմաթիւ արտայայտութիւններ, ինչպէս` մտքի ճարտարապետ, հոգիի բժիշկ, երկրորդ ծնողք: Իրենց խօսքի աւարտին աշակերտները շնորհաւորելէ ետք Ուսուցչաց տօնը քաջառողութիւն, ուժ եւ կորով, ու անսակարկ նուիրում մաղթեցին:

Aksor-2-teachers-dayԱպա նախակրթարանի իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով հայ թէ օտար բանաստեղծներու յօրինած բանաստեղծութիւնները: Վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց «Իմ ուսուցիչ» եւ «Սիրելի ուսուցիչ» խմբերգները: Իսկ վարժարանի հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին թատրոն մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ դաստիարակ ուսուցիչին դերը: Տեղին է նշել, թէ յայտագիրի ընթացքին մէջընդմէջ կարդացուեցան յայտնի բանաստեղծներու ոսկեղէն խօսքերը` ուսուցիչներուն նուիրուած:

Յայտագիրի աւարտին նախակրթարանի աշակերտներու վիճակագրութեան մը հիման վրայ 2013-2014  տարեշրջանի լաւագոյն ուսուցիչ տիտղոսին արժանացաւ վարժարանի հայերէն լեզուի դասատու Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան, ապա յայտարարուեցան գեղեցկութեան, հոգատարութեան, ընկերային, համբերող, բարեխիղճ տիտղոսին արժանացած ուսուցիչներուն անունները, որոնք ստացան ծաղկեկողովներ:

Ուսուցչաց տօնին յայտագիրը վերջ գտաւ տնօրէնութեան գնահատական եւ շնորհակալական խօսքերով:

Share this Article
CATEGORIES