Ամսուան Մը Վրայ Երկարած Հայագիտական Մրցանքներէ Ետք` «Մայրենի Լեզուի Օր»-ուան Տօնակատարութիւն Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

sofia-(1).mayreni-lezvi-orՅաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, 21 փետրուարին, «Մայրենի լեզուի օր»-ուան առիթով, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը պատշաճ հանդիսութեամբ մը տօնեց մեր մեծասքանչին տօնը: Տօնակատարութիւնը պսակումը եղաւ ամբողջ ամսուան վրայ երկարած հայագիտական մրցանքներու շարքի մը, որուն ընթացքին քոլեճին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան «Ճիշդ հնչենք»-ի, լեզուական աշխատանքի, շարադրութեան, արտասանութեան եւ բանաւոր խօսքի մրցումներու, որոնց յաղթականները պարգեւատրուեցան այս առիթով:

«Մայրենի լեզուի օր»-ուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ քոլեճին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ օրուան պատգամաբեր Սարգիս Կիրակոսեանի եւ հիւրաբար քոլեճ այցելող հայրենի գեղանկարիչ Կարլոս Սայադեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մհեր Գափլանեան, որ անդրադարձաւ հայոց լեզուի կարեւորութեան` որպէս հայապահպանման զէնքի: Ան նշեց, որ հայ լեզուն եղած է հայ մարդուն ոգեղէն հայրենիքը, որով ան սնած, աճած ու մեծցած է, հայացած ու ազգ դարձած: «Եթէ հայ ենք, հաւատարիմ ըլլանք մեր լեզուին, մեր ուժը, մեր սէրը եւ ապագան թող ըլլան մեր լեզուին մէջ», շեշտեց Գափլանեան:

Օրուան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց արտասանութիւններ եւ դաշնակի վրայ նուագներ: Յաջորդաբար արտասանեցին Արա Թորոսեան («Ահաւոր բան մը կայ այնտեղ»), Քարոլին Կարապետեան («Բացառութիւն»), Գէորգ Եագուպեան («Ուխտ ծննդեան»), Դրօ Միրզայեան («Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ») եւ Նաթալի Քելխաչերեան («Որբերուն ձեռքերը»): Նուագով հանդէս եկան Մարթա Չորպաճեան եւ Նենսի Սոլաքեան:

Ապա տնօրէն Վիգէն Աւագեան ողջունեց հիւրերը եւ ներկայացուց «Ճանչնանք մեր լեզուն» մրցանքներու շարքը, որ չորրորդ տարին ըլլալով կ’իրագործուի քոլեճին մէջ: Ան ծանօթացուց նաեւ օրուան պատգամախօս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական բաժնի վարիչ, գրագէտ եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանը եւ հրաւիրեց փոխանցելու իր պատգամը:

Սարգիս Կիրակոսեան հայոց լեզուի մասին մեր մատենագիրներու եւ բանաստեղծներու գեղեցկագոյն արտայայտութիւնները վկայակոչելով` դիտել տուաւ,  որ մեսրոպակերտ հայ լեզուն ո՛չ միայն հաղորդակցութեան պարզ գործիք մը չէ, այլեւ մեր ինքնութեան աղբիւրը, հայ մշակոյթի առանցքը, հայ հաւատքի պահապանը եւ հայ ժողովուրդի անմահութեան յաւերժական աղբիւրն է:

Կարլոս Սայադեան

Կարլոս Սայադեան

Շարունակելով` Սարգիս Կիրակոսեան ընդգծեց, որ լեզուն մեր հայրենիքն է: Մենք լեզու-հայրենիքին մէջ կանք, եղած ենք եւ հայ գիրով փրկուած ենք: Լեզուն ազգին ծնողն է եւ ծննդավայրը: Մեր հաւաքական յիշողութիւնը, օրհնութեան ու անէծքին շտեմարանը: Մեր հոգեւոր հայրենիքն է լեզուն:

Իր պատգամին աւարտին Սարգիս Կիրակոսեան կատարեց մրցանակակիր աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւն: Քոլեճին միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն մրցանակներու արժանացան 11 աշակերտներ. Մհեր Գափլանեան, Նաթալի Քելխաչերեան, Քրիստ Արթինեան, Արա Թորոսեան, Արշօ Ինճէեան, Անժելինա Սարգիսեան, Դրօ Միրզայեան, Սինթիա Դաւիթեան, Նարեկ Շառոյեան, Գէորգ Եագուպեան եւ Լիլիթ Գայապալեան:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հայրենի գեղանկարիչ Կարլոս Սայադեան: Ան ըսաւ, որ լեզուն ամէնէն առաջ մտածողութիւն է եւ մեր օրերու մեծագոյն վտանգը մեր լեզուամտածողութեան սպառնացող վտանգն է: Պէտք է պահել այդ լեզուամտածողութիւնը` հայերէն ստեղծագործելու, հայօրէն մտածելու եւ ապրելու համար:

Հուսկ, տօնակատարութիւնը փակուեցաւ քոլեճին քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES