Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ
Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց ուրբաթ, 28 փետրուար 2014-ին: Օրուան զբօսանքներուն բակին մէջ հնչեցին վարդանաշունչ երգեր, իսկ օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ այս առիթով կազմակերպուած յայտագիր մը:
Բացման խօսքը արտասանեց 10-րդ դասարանի աշակերտ Սելին Տէր Փիլիպոսեան, որ ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտը ապացուցեց, որ հայը հոգեւոր արժէք եւ ազգային արժանապատուութիւն ունեցող, «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ապստամբող ժողովուրդ է», աւելցնելով, որ Վարդաններու խիզախութիւնը, անձնուրաց եւ ազատատենչ ոգին է, զոր հայը դրսեւորած է Փետրուարեան ապստամբութեան, Սարդարապատի ճակատամարտի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն:
Հանդիսավարներ Սարին Պէրպէրեան եւ Ճորճ Կէմիճեան բեմ հրաւիրեցին մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք արտասանութեամբ ներկայացուցին Քաջ Վարդանի նուիրուած տաղեր: Անոնց յաջորդեց Բ. եւ Գ. կարգի աշակերտներուն երգեցողութիւնը` «Քաջ Վարդան» երգով:
Քրիսթի Խապպազ եւ Էլենա Տէր Սարգիսեան արտասանեցին «Ուխտ Վարդանանց» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց Գ. կարգի աշակերտուհի Աքասիա Ազատեանի տպաւորիչ կատարողութեամբ ներկայացուցած «Արի հայեր» քերթուածը:
Վարժարանին երգչախումբը հրամցուց «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» եւ «Հաւատքի վահանով» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սոնիկ Փամպուքեանի:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօս` Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը, որ նախ ամփոփ կերպով ներկայացուց 451 թուականին Վարդանանց ճակատամարտին պատմականը, եւ թէ ինչպէս պարսիկներու Յազկերտ թագաւորը չհանդուրժեց, որ հայերը իրմէ զատ այլ թագաւոր մը կը պաշտէին եւ ան ալ Քրիստոսն էր, թէ ինչպէս Յազկերտ արքան չկրցաւ ընդունիլ քրիստոնէութեան հանդէպ հայերուն ունեցած անխախտ հաւատքը: Հայր Կռանեան ըսաւ. «Վարդանանց համար Աւարայրի դաշտին մէջ խնդիրը յաղթելու կամ պարտուելու հարց ըլլալէ առաջ, Քրիստոսի եւ Լուսաւորչի հաւատքին հաւատարիմ մնալու թէ չմնալու երկընտրանք մըն էր: Ու թէեւ հայերը այդ դաշտին վրայ պարտուեցան, բայց մենք յաղթանակ տարինք կարեւոր կէտի մէջ, այն է, որ հայ ու քրիստոնեայ մնացինք, եւ այսօր այդ յաղթանակին պատճառով հաւատարմօրէն կը յիշատակենք հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանին եւ անոր հետ նահատակուած քաջերուն հերոսութիւնը»:
Դ. դասարանի աշակերտ Ռաֆայէլ Մխսեան ներկայացուց «Ձօն Վարդանանց» արտասանութիւնը: Ապա 8-րդ դասարանի աշակերտները կարճ ներկայացումով մը բեմականացուցին Վարդան Մամիկոնեանի կատարած ուխտը` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով, ցոյց տալով քաջ սպարապետին եւ անոր հզօր բանակին արիութիւնը եւ կրօնի ու հայրենիքի սիրոյն մեռնելու վճռակամութիւնը:
Գեղարուեստական բաժնի վերջին մասով 10-րդ դասարանի աշակերտ Անիթա Շիրվանեան կարդաց հայկական աւանդութիւններէն` Բուն Բարեկենդանի մասին, որ կը նախորդէ քառասնորդաց Մեծ պահքի շրջանը:
Հուսկ, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ օրուան պատգամաբերին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ, թէ` «այսօր կը նշենք Աւարայրի դաշտին վրայ հայ ժողովուրդին ունեցած պարտութիւնը, որ ֆիզիքական պարտութիւն էր միայն, որովհետեւ մենք պահեցինք մեր կրօնը եւ մեր ազգութիւնը, եւ ա՛յս եղաւ մեր յաղթանակը: Այս է գաղափարը Վարդանանց տօնին, զոր պիտի շարունակենք տօնել, այնքան ատեն որ հայ ազգը կը գոյատեւէ»: Ռ. Պոյաճեան նաեւ շնորհաւորեց Բարեկենդանի տօնը եւ մաղթեց, որ բոլորս դիմաւորենք Մեծ պահքի շրջանը եւ պատրաստուինք Ս. Զատկուան:

