Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան. Մեր Հաւատքի, Պատկանելիութեան Ուխտի Վերահաստատման Օրը` Սրբոց Վարդանանց Տօնահանդէսը

hripsimiantz-(1)-VartanantsԵրեքշաբթի, 25 փետրուար 2014-ը իւրայատուկ տօն էր Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին համար: Հիւրերու, բարեկամներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հոծ բազմութիւնը հաւաքուեր էր յատուկ շուքով տօնակատարելու համար Սրբոց Վարդանանց տօնը: Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Քաջն Վարդանին նուիրուած ասմունք, երգ, նուագ ու պար: Աշակերտական բացման խօսքով հանդէս եկող 10-րդ դասարանի աշակերտ Ռոտրիկ Սեփեթճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ` Վարդանանց ճակատամարտը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին համոզումը` պաշտպանել իր կրօնը` քրիստոնէութիւնը:

Արմէն Ապտալեան

Արմէն Ապտալեան

Օրուան բանախօսը` Արմէն Ապտալեան իր խօսքին մէջ ներկաներուն նկատել տուաւ յատկապէս մեր հաւատամքին կարեւոր կէտերը: «Հետեւելով աշակերտներուն այսօրուան ելոյթին` յիշեցի մեր բոլոր հայերէնի ուսուցիչներուն այն խօսքը, որ կ՛ըսէր, թէ մեր ապրած իւրաքանչիւր օրը Վարդանանց պատերազմ է: Սիրելի՛ ծնողներ, դուք առաջին ճակատամարտը շահած էք, որովհետեւ ձեր զաւակները կը ղրկէք հայկական վարժարան: Յաջորդ ճակատամարտը այն է, որ պէտք է զգօն ըլլաք, որ անոնք կարենան ըլլալ մէկական վարդաններ: Եթէ կորսնցնէք այդ ճակատամարտերը, չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կը հասնիք դուք, ո՛ւր կ՛ըլլան ձեր զաւակները, ի՛նչ կ՛ըլլայ նաեւ մեր ազգին վիճակը»: Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը` Ապտալեան նկատել տուաւ, որ հայոց լեզուն սքանչելի է, կատարելագործուած, ճկուն ու հարուստ: Ան ներկայ ծնողներուն յորդորեց առաջնահերթութիւնը տալ մեր լեզուին: Սակայն շեշտեց նաեւ օտար լեզուներուն լաւ տիրապետելը, բայց օտար լեզուն աւելի կարեւոր նկատելը մեծ սխալ որակեց: Բանախօսը անդրադառնալով մեր հաւատքին` ըսաւ. «Մենք իբրեւ հայեր` քրիստոնեայ ենք: Եթէ դուք իբրեւ ծնողք ձեր ընտանեկան յարկին տակ հասակ նետող ձեր զաւակներուն ուշադրութիւն չընէք այս գետնին վրայ, յանկարծ անոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն գոհացում կը գտնեն մեր եկեղեցիներէն դուրս ուրիշ տեղեր: Պիտի տեսնէք, որ ճակատամարտ մը եւս կորսնցուցած էք: Յետոյ պիտի տեսնէք, որ ձեր սեփական ձեռքերով ձեր ընտանեկան երդիքը քանդեր էք»:

Իր խօսքին մէջ ան եզրակացուց` ներկայ ծնողներուն մատնանշելով, որ` «451-2014 ինկած ժամանակաշրջանը ճակատամարտերու ամբողջ շարան մըն է հայուն կեանքը: Հիմա սուրերէն մէկը մեր ձեռքն է: Այնպէս ընենք, որ շահինք  այդ ճակատամարտերը: Եկէք` ուխտենք ուրեմն այսօր, որ հաւատարիմ պիտի մնանք վարդաններու, մեր սուրբ նահատակներուն մեզի ձգած պատգամին եւ խորհուրդին եւ շահինք 451 թուականէն մինչեւ այսօր շարունակուող բոլոր ճակատամարտերը»:

Տնօրէնութեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ ողջունեց հանդիսութեան ներկայ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ սիրով նախագահած էր դպրոցական վերոյիշեալ հանդէսին, ինչպէս նաեւ երախտագիտական խօսքով գնահատեց օրուան բանախօսը:

Ան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ յատուկ բաժին յատկացուց վարժարանի ուսուցիչներուն `ըսելով. «Շնորհակալութիւն մեր սիրելի ուսուցչուհիներուն, պատասխանատուներուն: Այնքան գեղեցիկ ձեւով, այնքան ուրախ ու զօրեղ  մեր փոքրիկները երգեցին, ասմունքեցին եւ պարեցին: Մեր հաւատքի, պատկանելիութեան ուխտի վերահաստատումն էր այս ժամը»:  Ան իր խօսքի աւարտին աշակերտները յորդորեց` «Երբեք պիտի չմոռնաք այսօրը, պիտի յիշէք եւ պիտի ապրիք»:

Share this Article
CATEGORIES