«ԼԵՀՄԱՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ՄԵՐ ԿԱԶՄԻՆ ՄԻԱՑՆԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ ՉՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՇԱԼՔԷ

Ենս Լեհման

Շալքէի թեքնիք տնօրէն Հորսթ Հելտթ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ գերմանական մամուլին կողմէ շրջան ընող այն լուրերը, ըստ որոնց` ակումբը որոշած է վերստին իր կազմին միացնել գերմանացի միջազգային նախկին բերդապահ Ենս Լեհմանը իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Ըստ մամուլին, 41 տարեկան Լեհման մէկ տարուան համար պիտի միանար Շալքէի` փոխարինելու համար 22 տարեկան Ռալֆ Ֆայեհըրմանը:

Նշենք, որ վեթերան բերդապահը, որ անցեալ տարի լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, մաս կազմած է նաեւ Արսենալի, Պորուսիա Տորթմունտի, Շթութկարթի եւ Ա. Սէ. Միլանի:

Share this Article
CATEGORIES