ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մըր յայտնեց, որ ինք չի կրնար վստահութեան քուէ զլանալ այնպիսի կառավարութեան մը, որուն մէջ ներկայացուած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայ երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Կայ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն գործադրութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը այս շաբթուան ընթացքին աւարտելու:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիէն խնդրած է այս զգայուն հանգրուանին երկիրը ձգելով չճամբորդել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ Փարիզի վրայով մեկնեցաւ Նիւ Եորք:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ եթէ լիբանանցիները միասնակամ ըլլան, ապա Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութիւնը անոնց վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել ընդգծեց, որ Ճեֆրի Ֆելթմանի զօրակիցներուն կողմէ շղթայազերծուած տեղեկատուական այն արշաւը, թէ նախնական ամբաստանութեան հրապարակումը մօտալուտ է, կը միտի ճնշում բանեցնել կառավարութեան վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութեան մօտիկ ապագային արձակելու առնչութեամբ յայտարարութիւնները Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նկատմամբ յաւելեալ զօրակցութեան արտայայտութիւններ են:

«ՊԱՅԱՆ» օրաթերթին համաձայն, միջազգային ընտանիքը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն կը պահանջէ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ յստակօրէն նշուի, թէ Լիբանան պատրաստ է գործակցելու Միջազգային դատական ատեանին հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ միագոյն կառավարութեան կողմէ աշխատանքային ծրագիրը յայտարարելու առումով արձանագրուած այս յապաղումը զարմանք կը պատճառէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղ յայտնեց, որ կարելի չէ Միջազգային դատական ատեանը ջնջել կամ անոր արձակելիք վճիռներէն խուսափիլ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Միջազգային դատական ատեանի որոշումներուն դէմ պիտի գործեն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան հետ Լիբանան պիտի վարուի` ապահովելով իր անձնական շահերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Սաատ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլա իր զէնքն ու զինամթերքը Սուրիայէն կը փոխադրէ Պաալպեք:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, որեւէ ամբաստանութիւն պէտք չէ չարաշահել` քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութեան արձակման պարագային Լիբանանի մէջ յեղաշրջումային բեմագրութիւններ պիտի չարձանագրուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պաշտօնական բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ ատեանին աշխատելաձեւը յստակ ժամկէտներով չէ որ կ՛ընթանայ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը լիբանանեան բանակին տրամադրութեան տակ դրին 48 համակարգիչներ` բարելաւելու համար լիբանանեան բանակին աշխատանքային կարողութիւնները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, «սակայն Միջազգային դատական ատեանին հարցը ամբողջովին տարբեր է», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES