ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ` ԱՍԿԵՐԱՆԻ ՄԷՋ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 յունիսին Ասկերան շրջանային կեդրոնին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆութպոլի նոր մարզադաշտի մը բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքէջը:
Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց մարզական այսպիսի ծրագիրներու եւ կառոյցներու դերակատարութիւնը` առողջ սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Ապա ան արժէքաւոր նուէրներ յանձնեց մարզադաշտի շինարարութեան աշխատանքներուն մէջ իրենց դերը ունեցած խումբ մը մարդոց:
CATEGORIES Մարզական