ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ. «ՆՄԱՆ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ ԻՐԱՒԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՍ ԵՐԲԵՔ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ՉԷԻ» ԸՍԱՒ ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ

Ռաֆայէլ Մեհրապեան

Ինչպէս ծանօթ է, 17-24 յունիսին, Անգարայի մէջ (Թուրքիա) տեղի ունեցան Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան մրցումները: Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի հաւաքականը, որ տիրացաւ միայն մէկ պրոնզ մետալի, վերջին եօթը տարիներուն իր ամէնէն ձախող ելոյթը ունեցաւ:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրապեան հայկական լրատու աղբիւրներու հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Թէեւ գոհ եմ կռփամարտիկներուն ելոյթներէն, սակայն արդիւնքներէն` ոչ: Սակայն, մրցաշարքին իրաւարարները բաւական կողմնակալ էին: Մեր մարզիկները իրենց մրցակիցներէն բացի կը պայքարէին նաեւ իրաւարարներուն դէմ: Եթէ իրաւարարները անաչառ ըլլային, վստահ եմ, որ մէկ հատի փոխարէն նուազագոյնը չորս մետալի կրնայինք տիրանալ: Կու գամ ըսելու, որ նման կողմնակալ իրաւարարութեան ես երբեք հանդիպած չէի: Սակայն ատիկա անկասկած տեղի պիտի ունենար, որովհետեւ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը Թուրքիան էր, եւ մեր մարզիկները միայն մէկ կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն կը կրէին»:

Share this Article
CATEGORIES