ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ
ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՎ
ԵՒ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԻՐԵՐՈՎ
«Վիվասել – Էմ. թի. Էս.»ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի հաւաքածոն կը հարստանայ արժէքաւոր նոր նիւթերով, մասնաւորապէս` Արեւմտեան Հայաստանի պատկերներով եւ հայկական թեմաներով հնատիպ բացիկներու հաւաքածոյով, հազուագիւտ աղբիւրագիտական նշանակութիւն ունեցող գրականութեամբ, պատմական վաւերագիրներով, ինչպէս Մեծ եղեռնը վերապրած հայերու նկատմամբ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան մասին տեղեկագիրով, հայ գաղթականներուն պատկերող բնօրինակ լուսանկարներով. կային նաեւ մինչեւ Ցեղասպանութիւն արեւմտահայ կեանքին վերաբերող իրեր, նամակներ, դրոշմաթուղթեր, յայտնի հայկական ընտանիքներու լուսանկարներ, ցուցադրական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հնատիպ թերթեր: Նմուշներուն մեծ մասը կարելի եղած է հայթայթել Լոս Անճելըս բնակող ամերիկահայ Օհաննէսի եւ իր որդիին Հրաչ Հանեսեաններու օժանդակութեամբ:
«Շիրակ» հրատարակչատան սեփականատէր Հանեսեան ընտանիքը տարիներ շարունակ հաւաքած է Ցեղասպանութեան փաստը վաւերագրող արժէքաւոր նիւթեր, որոնք այսօր հասանելի ու տրամադրելի են հանրութեան:
Վերոնշեալ թանգարանային արժէքներու ձեռքբերումը կարեւոր է թանգարանային արխիւը առաւել հարստացնելու եւ նոր ցուցադրութիւններ կազմակերպելու համար: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկի եւ Ռալֆ Եիրիկեանի անուան հաւաքածոյի նիւթերը արդէն ներառուած են «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ սկանտինաւեան արձագանգը» թեմայով ժամանակաւոր ցուցադրութեան մէջ:
«Անցեալով ապրիլը անշուշտ սխալ է: Այնուամենայնիւ, մեր երեխաներուն խաղաղ եւ ապահով կեանք ստեղծելու համար անհրաժեշտ է այսօր վերականգնել արդարութիւնը: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է իր պարտքը նկատէ մասնակցիլ այդ գործին եւ յարգանքի տուրք մատուցել մեր նահատակներուն: «Ինծի համար այս նաեւ անձնական պատասխանատուութիւնն է ընտանիքիս դիմաց», նշեց «Վիվասել – Էմ. թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Անոր աջակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկին կողմէ 2010-2011 թուականներուն հրատարակուեցաւ «Կիլիկեան» մատենաշարի երեք հատորները, որոնք կարեւոր օտար սկզբնաղբիւրներ կը ներկայացնեն 1909 թուականի Ատանայի կոտորածներու մասին: Այդ հրատարակութիւններն են Ճորճ Պրեզոլի «Այստեղով թուրքերն են անցել…» (ֆրանսերէն), Ֆերիման Տաքեթի «Երիտթուրքերն իշխանութեան գլուխ եւ Հոլոքոսթը Ատանայում» (անգլերէն) եւ Ա. Ատոսիտեսի «Հայեր եւ երիտթուրքեր. Կիլիկիայի կոտորածները» (ֆրանսերէն եւ հայերէն) գիրքերը:
Նշենք, որ Ռալֆ Եիրիկեանի մեկենասութեամբ ձեռք բերուած հնատիպ գրականութիւնը ըստ արժանւոյն պիտի ներկայացուի Երեւանը գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հռչակելու ձեռնարկներու շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի կողմէն կազմակերպուելիք «Գիրքը որպէս ցեղասպանութեան վկայարան» ցուցադրութեան ընթացքին:
Ձեռնարկին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան «Վիվասել – Էմ. թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի յանձնեց թանգարան-հիմնարկի աջակցութիւն ցուցաբերած բարերարներուն տրուող ոսկէ մետալով:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾԱՌԱՏՆԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
6-րդ տարին ըլլալով «Հայաստանի ծառատնկման ծրագիրը» կը գործէ Հայաստանի Հանապետութեան եւ Արցախի տարածքին իր ծառատնկման, կենսոլորտային կրթութեան եւ կայուն զարգացման ծրագիրներով:
Ծրագիրի գործադիր տնօրէն Ճէֆ Մասարճեան այս առիթով խօսեցաւ նախորդ տարուան Հայաստանի ծառատնկման ծրագիրի նուաճումներուն մասին:
Կենսոլորտային կրթութեան ծիրին մէջ 2010 թուականին ծրագիրը հրատարակած է «միտք մը ցանէ, ծառ մը ցանէ» ուսուցիչներու տեղեկագիրքի Բ. թիւը, ուր տեղ կը գրաւեն Հայաստանի մանկավարժ մասնագէտներու կողմէն պատրաստուած դասընթացքներու 11 նոր ծրագիրներ: Այս տեղեկագիրքի յաջողութեան համար իր ներդրումը ունեցած է Հայաստանի կրթական ազգային հիմնարկը»:
Դաստիարակչական այս ծրագիրը սփիւռքի զանազան դպրոցներուն, հասանելի դարձնելու համար անիկա թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի եւ կիրակուած «Կամուրջներ կառուցենք» ծրագիրին մէջ:
Նոյն այս ծրագիրը առաւելագոյնս յաջողցնելու համար պատրաստուած էր, տեղեկագիրքի գործածութեան դասընթացք մը, որուն մասնակցած էին 198 ուսուցիչներ:
«Համայնքներու ծառատնկման ծրագիր»ին ծիրին մէջ 2010 թուականին ցանուած է աւելի քան 66 հազար ծառ Հայաստանի 177 տարբեր վայրերու մէջ: Այս նախագիծի յաջողութեան համար իրենց ներդրումն ու նուիրուածութիւնը ունեցած են շահագրգռուած անձեր: «Հայաստանի ծառատնկման ծրագիրի աշխատանքները մօտէն կը հետեւին ու կ՛աջակցին տեղացի աշխատակիցներուն հետ ծառատնկման ու ծառապահպանման երկար գործընթացին: «Հայաստանի ծառատնկման ծրագիր»ը «Տաթեւի վանքին վերականգման ծրագիր»ի եւ «Հայաստանի Ազգային մրցակցութեան» հիմնարկի կողմէն անցեալ տարի հրաւիրուած էր եւ 1900 ծառեր տնկած էր Տաթեւի եւ Հալիձորի փոխադրական կայաններուն միջեւ գտնուող տարածքին վրայ: Ծրագիր կայ 2400 ծառեր եւս տնկելու նոյն վայրին մէջ: Կը նախատեսուի, որ այս ծրագիրը տնտեսական բարգաւաճում ապահովէ տեղացի բնակչութեան` շնորհիւ զբօսաշրջային վայր ըլլալուն:
«Չենք կրնար ծառատնկման կողքին զանց առնել Հայաստանի մէջ անտառահատման վտանգները», ըսաւ Մասարճեան, հետեւաբար Հայաստանի ծառատնկման ծրագիրը մէկ կողմէն կ՛արժեւորէ անտառներուն իրավիճակը, իսկ միւս կողմէն աշխատանք կը տանի համայնքներու մէջ անտառներու տնտեսումի վերաբերեալ կրթութիւն ջամբելու, ինչպէս նաեւ իրենց ազդեցութիւնը ունենալու կենսոլորտի օրէնքները բարելաւելու համար:
Յատկանշական է «Հայաստանի ծառատնկման ծրագիր»ի թէ՛ կենսոլորտային եւ թէ տնտեսային մակարդակի վրայ տարած աշխատանքը: Շնորհիւ «Համայնքներու մէջ ծառատնկման ծրագիր»ին «Հայաստանի ծառատնկման ծրագիրը ունի աւելի քան 60 աշխատաւորներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր եղանակային դրութեամբ (կամ գարնան եւ կամ աշնան) աշխատողներ:
«Հայաստանի մէջ կան աշխուժ նոր առաջնորդ ուժեր, որոնք դրական տեսլականներ ունին ապագային նկատմամբ:
Հետեւաբար ներկայիս նոր ծրագիրներ կը մշակենք առաւելագոյն չափով ժողովուրդը ներգրաւելու այս աշխատանքին մէջ եւ լսելու անոնց կարծիքը` անտառահատումի, վերանորոգելի ուժանիւթի եւ զարգացման կայունութեան հարցերուն շուրջ», հաղորդեց Մասարճեան:
«Հայաստանի ծառատնկման ծրագիր»ի հովանիին տակ կը գործեն 3 տնկարաններ, կենսոլորտային կրթութեան կեդրոն մը Երեւանի մէջ եւ մօտ օրէն ուրիշ կեդրոն մը Մարկահովիտի մէջ: Ծրագիրը վերաորակաւորման դասընթացքներ կազմակերպուած է երկրորդական դպրոցներու գիտութեան աւելի քան 1000 ուսուցիչներու մասնակցութեամբ: Պտղատու ծառեր ցանուած են Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին աւելի քան 800 վայրերու մէջ: Այս բոլորին կողքին տիրացած է Համաշխարհային ուժանիւթի ազգային մրցանակ»ին իր ծառատնկման եւ կրթական նախագիծերուն համար:
«Ապագայի ծրագիրներու շարքին կը գտնուի «գիւղական եւ լեռնային շրջաններու բարգաւաճման ծրագիր»ի այժմէականացուած տարբերակը», նշեց Մասարճեան եզրափակելով. «Նկատի ունենալով, որ 2011 տարին հռչակուած է Անտառներու միջազգային տարի, մեր փորձառութիւնը պիտի բաժնենք աշխարհին մէջ»:
ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է
ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ
Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանի հրատարակութիւններու եւ կայքէջի շնորհահանդէսի ընթացքին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան անդրադարձած է հայագիտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Ան նշած է. «Այսօր հայագիտութեան բնագաւառին մէջ նետուիլը դարձած է խիզախութեան դրսեւորում»: Աշոտ Մելքոնեան իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է` ուսումնակրթական աշխատանքին զուգընթաց կատարելով համալսարանական հետազօտութիւններ:
Ըստ Աշոտ Մելքոնեանի, հայագիտութեան բնագաւառը նահանջ կ՛արձանագրէ, որովհետեւ երիտասարդները հայագիտութեամբ հետաքրքրուելով եւ այդ մասնագիտութիւնը ընտրելով հեռանկար չեն տեսներ:
«Հայագիտութիւնը «ընտանիք պահելու» իմաստով այն յարմար բնագաւառը չէ, որ երիտասարդները կը ցանկան: Երբ անոնց հետ կը խօսիս, անոնք կը յայտնեն, որ թեկնածուական ատենախօսութիւն պաշտպանելէ ետք միայն մենք պիտի ստանանք լաւագոյն պարագային 45 հազար դրամ, իբրեւ աշխատավարձ, որ բաւարար չէ: Այս պատճառով է, որ բոլորը կը խուսափին», յայտնեց ան:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տնօրէնը հայագիտական ուսումնարաններու համագործակցութիւնը կարեւոր զէնք համարած է ազրպէյճանցիներու կողմէ պատմական փաստերը խեղաթիւրելու պայքարի աշխատանքին մէջ:
Նշենք, որ հայագիտութեան ուսումնարանը վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հրատարակած է 49 գիրք, մեթոտական ձեռնարկներ եւ աւելի քան 200 պատմական քարտէս:
Կատարուած աշխատանքներուն ծանօթանալու համար կարելի է այցելել www.armin.am պաշտօնական կայքէջը:
«ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ.ԹԻ. ԷՍ.»Ը ԵՒ ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «ՊԸՐԹԼԻՆՔ»Ը
ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ «ՆԻՈՆԱՅԻՆ ԽՆԱՄՔԻ
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ» ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Վերջերս «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ կայացած «Նիոնային խնամքի ապահովման» հարցերուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին ամփոփուած են Նիոնով խնամքի ապահովման ուղղուած հանրապետական երկրաժամկէտ ծրագիրի արդիւնքները: Նշենք, որ ծրագիրը իրականացուցած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ը եւ բրիտանական «Պըրթլինքը»: Համաժողովին մասնակցած են` Հայաստանի տարբեր շրջանները ներկայացնող ծրագրին մէջ ներգրաւած եւ մասնագիտական վերապատրաստում անցուցած բժիշկները եւ բուժքոյրերու անձնակազմը: Նաեւ հաղորդենք, որ հիւանդ եւ հարցեր ունեցող նորածիններու խնամքի պայմաններու բարելաւման յատկացուած համաժողովը «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի եւ բրիտանական «Պըրթլինք»ի Միացեալ նախագիծի մէկ մասն է:
«Պըրթլինք»ի տնօրէն Քեթի Մելլոր եւ Հայաստանի մէջ Նիոնային խնամքի գլխաւոր մասնագէտ Հրանդ Քալենտերեան ներկայացուցած են` առ այսօր իրականացուած ծրագիրները եւ ամփոփած են նախագիծին առաջին երեք տարիներու ձեռքբերումները: Անուանի մասնագէտներ Պաւել Մազմանեան եւ Արշակ Ջերջերեան անդրադարձած են հիւանդ նորածիններու խնամքի տարբեր հարցերու վերաբերող նիւթեր:
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնած է «Ինչպէս վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, Հայաստանի մէջ նորածիններու մահացութեան ցուցանիշը աւելի բարձր է,- քան այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ եւ Միացեալ թագաւորութիւն: Այնուհետեւ, ինչպէս ցոյց կու տայ միջազգային փորձը, համապատասխան սարքաւորումներու, ինչպէս նաեւ մասնագիտական շարունակական կրթութեան եւ պատշաճ գիտելիքներու առկայութեան պարագային, կարելի է կանխարգիլել մահուան պարագաներու զգալի մասը: Գիտակցելով, որ այս հարցին մէջ պարզապէս դիտորդի դերին մէջ մնալը կարելի չէ եւ անհրաժեշտ են յստակ քայլեր առնել, «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ը աջակցեցաւ «Պըրթլինք»ի նախաձեռնութեան: Ուրախ ենք, «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի եւ «Պըրթլինք»ի միջեւ համագործակցութեան շօշափելի արդիւնքներուն ականատես ըլլալով: Ուրախ ենք նաեւ, որ այս ընկերային հսկայական ներդրումը, մեր երկրին ապագային համար այլ ներդրում մըն է եւ մեր համոզումով առեւտուրի ամէնէն կարեւոր առաքելութիւնը կը համարուի», շեշտած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Կանուխ է տակաւին երկարաժամկէտ արդիւնքներու մասին խօսիլը: Սակայն, նախնական արդիւնքները յուսադրող են: Միայն Երեւանի մէջ «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի եւ «Պըրթլինք»ի կողմէ իրականացուող ծրագիրին մէջ ընդգրկուած բժշկական հաստատութիւններու տուեալներու համաձայն, վերջին 3 տարիներուն ընթացքին արձանագրուած է նորածիներու մահացութեան ցուցանիշի նուազում` մօտաւորապէս 15 առ հարիւր տոկոսով: Զուգահեռաբար, 17 առ հարիւր տոկոսով աւելցած է բժշկական հաստատութիւններու` հիւանդներու սպասարկման թիւը: Ընդհանուր առմամբ, այսօրուան դրութեամբ այս ծրագիրին շնորհիւ բարելաւուած է աւելի քան 1000 նորածինի առողջական վիճակ: Նշենք, որ այս թիւերը նախագիծի շրջանակներուն մէջ արձանագրուած նախնական արդիւնքներն են: Հետագային, գնահատման վերջնական տուեալները պիտի ներկայացուին բժշկական շրջանակին եւ հասարակութեան:
359 միլիոն դրամ արժողութեամբ այս նախագիծը սկիզբ առած է 2008-ին: Ծրագրին իրականացման առաջին երեք տարիներուն` 2008-ի, 2009-ի եւ 2010-ի ընթացքին ընդգրկուած են Երեւանի 11 ծննդատուներ եւ հիւանդանոցներու ծննդատնային բաժանմունքներ, ինչպէս նաեւ 7 բաժանմունք` Հայաստանի 5 մարզի մէջ: Այս ընթացքին հիւանդանոցները եւ համապատասխան բաժանմունքները համալրուած են հետեւեալ սարքաւորումներով`
1. Շտապ Օգնութեան
2. Թոքերու յատուկ 3 սարք
3. Շնչառական գործողութեան կարգաւորման 20 համակարգ
4. Ներարկման աւելի քան 30 փոմփ
5. Թթուածինի հսկողութեան 20 գործիք
6. Մարմնի ջերմութեան պահպանման 22 ներբնակ:
Աւելին, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ կիրառուած է քիթի գործողութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի բոլոր նորածիններու բաժանմունքներուն մէջ ներդրուող ուղեղի գերձայնային հետազօտման սարք: Այս սարքաւորումը նախատեսուած է վատառողջ եւ թերաճ ծնած մանուկներուն համար: Սարքաւորումներով բաժանմունքներու համալրումը կը լուծէ նորածիններու անհրաժեշտ տեղափոխման հարցը: Ասկէ բացի, Միացեալ թագաւորութենէն եկած կամաւոր մասնագէտները պիտի իրականացնեն համապատասխան դասընթացքներ իրենց հայաստանցի գործընկերներուն համար:
2011-ին պիտի իրականացուի նախագծին երրորդ հանգրուանը, որուն աշխատանքներուն ծիրին մէջ շեշտը պիտի դրուի հիւանդանոցներուն եւ բաժանմունքներուն վրայ: Այս կեդրոնները համապատասխան սարքաւորումներով օժտելէ ետք մնայուն եւ հետեւողական խնամք ստանալու նպատակով` հոն պիտի տեղափոխուին բարդութիւններով ծնած մանուկները:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԷ ՇՈՒՇԻԻ Խ. ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ
ԵՌԱՅԱՐԿ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄԸ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ Շուշիի Խ. Աբովեանի անուան եռայարկ դպրոցի վերակառուցումը: Շինարարական աշխատանքներուն աւարտելէն ետք 7300 քիլոմեթր տարածութիւն գրաւող կրթօճախը իր չորս մասնաճիւղերուն մէջ պիտի սպասարկէ մինչեւ 1200 աշակերտի:
Քաղաքի ամէնէն մեծ դպրոցին մէջ ներկայիս կ՛ուսանի 312 աշակերտ, որոնց թիւը, ըստ դպրոցի տնօրէն` Նազիկ Նալպանտեանի, նախորդ տարուան հետ համեմատաբար աճած է` 12 առ հարիւր տոկոսով: Նազիկ Նալպանտեան յայտնած է, որ այս աճը առնչուած է վերջերս շրջանին մէջ վերաբացուած զօրամասին, ինչպէս նաեւ Շուշիի վերականգնման աշխատանքներուն, որովհետեւ վերջինս այս բոլորը շրջանին մէջ լաւատեսութիւն յառաջացուցած է:
Նշենք, որ Շուշիի Խ. Աբովեան անուան եռայարկ դպրոցի վերակառուցումը կը ֆինանսաւորուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Մոսկուայի» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ-դրամահաւաքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան աջակցութեամբ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ