ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՊԷՏՔ Է ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ»

Զօր. Ասարթա եւ Ռայի պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ցաւ յայտնեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական վատ կացութեան համար` զայն նկատելով լիբանանցի երիտասարդներու արտագաղթին հիմնական դրդապատճառը:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան այս հարցին լուծում գտնելու:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ դրական մօտեցում եւ կեցուածք պէտք է ցուցաբերել` աւելցնելով, որ կառավարութեան մը գոյութիւնը անոր բացակայութենէն աւելի լաւ է:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ պէտք է սպասել կառավարութեան աշխատանքներուն եւ ըստ այնմ վարուիլ  անոր հետ:

Նշենք, որ Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարք երէկ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան:

Share this Article
CATEGORIES