ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ՓԱԹՐԻՔ ԱՍՍԱՖԻ ԱՆՈՒԱՆ 7-ՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 29 յունիսին, վերոնշեալ ակումբին մէջ կը սկսի Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ 7-րդ անգամ ըլլալով:

Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու, ինչպէս նաեւ վեթերաններու մրցումներ:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերող աւելի քան երեք հարիւր մարզիկները կը ներկայացնեն հետեւեալ ակումբները. Լիբանանեան Բանակ, Սարաֆանտ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Մոն լա Սալ, Ռիատի Պէյրութ, Ֆաուար Զղարթա, Շեպիպեթ Ամիլա Մասիհիէ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, Անդրանիկ Պէյրութ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Շանվիլ, Շապապ Նապայ, Քաունթրի Լոճ, Մար Եուսեֆ- Պէյթ Քոքօ, Պարաղեմ Նապաթիէ, Պըլաթ, Ժընուպ Թոլ, Ահտ Պէյրութ եւ Ժամհուր:

Share this Article
CATEGORIES