ՋԱՀ-ի Կազմակերպութեամբ. Ազատամարտիկներու Յիշատակին Ծառատնկում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

tree_yeghishe2Արցախի ազատագրական պայքարի հերոս Մերուժան Մոսիեանի յիշատակին նուիրուած ծառն ու անոր ուղեկցող ցուցատախտակը, հինգշաբթի, 6 մարտ 2014-ին զետեղուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի շրջափակին մէջ:

Արդարեւ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը, որ շաբաթներէ ի վեր կ՛այցելէ հայկական շարք մը վարժարաններ, այս անգամ նուիրուած էր 23 օգոստոս 1993-ին իր ընկերներուն հետ նահատակուած Մերուժան Մոսիեանի յիշատակին:

Ծառի զետեղման արարողութենէն առաջ, պատշաճ յայտագիրով մը, վարժարանի սրահին մէջ ՋԱՀ յանձնախումբին անունով Արին Գալուստեան իր խօսքը սկսաւ Պարոյր Սեւակի «Ընկածները»-էն հատուած մը արտասանելով

Կռիւներում ընկան նրանք.
Ամէն մէկը` մի տան ճրագ,
Ամէն մէկը` մի մօր որդի,
Ամէն մէկը` մի աղջկայ,
Երազանքը անապական,
Կնոջ` սէրը, հօր ապագան…
Ամէն մէկը` անգիր մի վէպ,
Ամէն մէկը` անգին մի կեանք…

Բայց զոհի պէս չընկան նրանք:
Ընկան նրանք իբրեւ մարտիկ,
Ընկան նրանք իբրեւ մարդիկ,
Որ սովոր են մահը վանել
Իրենց կեանքով`յանուն կեանքի,
Որ սովոր են զրկանք տանել`
Ընդդէմ ցաւի ու զրկանքի.
Բայց զոհի պէս չընկան նրանք:

tree_yeghisheԱն ըսաւ, որ արցախեան նահատակ ազատամարտիկները զոհեր չէին, անոնք կը գիտակցէին, որ ընտրած են անդարձ ճամբան` «Մահ կամ Ազատութիւն»: Արցախի շարժումը ոտքի հանեց ամբողջ հայութիւնը, անխտիր, բոլորին մղիչ ուժը հայրենասիրութիւնն էր: Ան աշակերտներուն ուղղելով խօսքը` ըսաւ որ անոնք պէտք է զինուին գիտութեամբ, քանի որ ազգը պէտք ունի թէ՛ անոնց բռունցքին, թէ՛ անոնց գիտելիքին եւ ի հարկին ինչո՞ւ ոչ, մեր բոլորիս արեան: Ա. Գալուստեան նշեց, թէ ՋԱՀ յանձնախումբի ծառատնկումի ծրագիրը, կը միտի աշակերտութեան մէջ բնութեան հանդէպ բծախնդրութեան եւ հոգատարութեան ճամբով մաքրել անոնց հոգիները եւ ծառերը խնամելու միջոցով վարժեցնել անոնց, որ այդ ճամբով հոգատար պիտի ըլլան նաեւ իրենց ազգին եւ հայրենիքին:

Ան խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն` ըսաւ, որ «Դուք ընտրած էք արդէն նուիրումի ճամբան եւ օրն ի բուն կ՛աշխատիք ձեր աշակերտներուն հոգատարութեամբ, ձեր վարձքը կատար» եւ յանձնախումբին անունով շնորհաւորեց յառաջիկայ Ուսուցչաց տօնը:

Խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ «Խոնարհ Հերոսներ» շարքէն Մերուժան Մոսիեանի կտրած ճամբան ներկայացնող տեսերիզը:

Ապա երկրորդական դասարաններու աշակերտները ապա բարձրացան վարժարանին բակը, ուր տեղի ունեցաւ ծառատնկումի արարողութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES