Համակիրները Խոշտանգելով Սպաննեցին Ֆութպոլի Իրաւարարը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ ղանացի կողմի իրաւարար Քվամ Անտոհ Քրէյ մահացած է ֆութպոլի համակիրներու կողմէ խոշտանգումի ենթարկուելէն ետք:
Արդարեւ, ֆութպոլի համակիրները խոշտանգումի ենթարկած են իրաւարարը, Ղանայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Կոլտ Սթարզ – Նաա Ճօ Եունայթըտ մրցումին ընթացքին:
Ան մահացած է այդ մրցումին յաջորդ օրը` Աքրայի մէջ գտնուող իր տան մէջ:
Ղանայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ցարդ յստակ չէ անոր մահուան պատճառը, իսկ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ անոր մահուան շուրջ մանրակրկիտ քննութիւնները կը շարունակէ:
CATEGORIES Մարզական

