Հայկազեան Համալսարանի Աւանդներու Ակումբ. Արցախեան Ազատամարտին Նուիրուած Ձեռնարկ

Artsakh1._HaigazianԿազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի աւանդներու ակումբին, ուրբաթ, 7 մարտին տեղի ունեցաւ Արցախեան ազատամարտին նուիրուած ձեռնարկ մը: Իր բացման խօսքին մէջ Վարանդա Եագուպեան անդրադարձաւ յաղթական ըլլալու կարեւորութեան` Արցախի ժողովուրդի հետագայ ուղիին համար:

Օրուան բանախօսն էր Յովիկ Յովհաննէսեան, որ ընդգծեց Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշումի իրաւունք ունենալու կարեւորութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով ուսանողներ եւ դասախօսներ: Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Նժդեհ Պոտրումեան` Արցախի նուիրուած 2 երգեր երգելով:

 

Share this Article
CATEGORIES