Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Սննդականոնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Մարիա Տագէսեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու սննդականոնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Տագէսեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան` նշելով, որ հիւանդութիւններու պատճառը նախ պէտք է փնտռել մեր առօրեայ սննդառութեան մէջ, իսկ տարիքի յառաջացումով անհրաժեշտ է ուտելու նախկին սովորութիւնները փոխել:
Սննդագէտ Մարիա Տագէսեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով քրոնիկ հիւանդութեան հասկացողութիւնը, անոր հիմնական տեսակները, պատճառները, հետեւանքը եւ կանխարգիլման միջոցները:
Դասախօսը քրոնիկ հիւանդութիւններու շարքին նշեց գլխաւորաբար երեք հիւանդութիւններ` շաքարախտը, գերճնշումը եւ սրտանօթային հիւանդութիւնները: Դասախօսը բոլոր մանրամասնութիւնները եւ յատկապէս վերոնշեալ քրոնիկ հիւանդութիւններուն հետ առնչուած սննդականոնի տուեալները ներկայացուց յաջորդաբար:
Տագէսեան շարունակեց դասախօսութիւնը` խօսելով քոլեսթերոլի, անոր տարբեր տեսակներուն եւ արեան մէջ բարձր կամ բնականէն ցած քանակին մասին: Սահիկներու օգնութեամբ ան բացատրեց բարձր քոլեսթերոլի հետեւանքները ընդհանրապէս երակներու ու յատկապէս սրտի երակներու խցման երեւոյթին վրայ: Այս բաժինով նաեւ նշեց յագեցած եւ ոչ յագեցած իւղերու գոյութիւնը մեր ճաշերուն եւ ընդհանրապէս սննդառութեան մէջ:
Դասախօսը նշեց որ քոլեսթերոլը գլխաւորաբար ունի երկու տեսակներ, լաւ քոլեսթերոլը, որ կը ստանանք բուսական աշխարհէն, իսկ ոչ լաւ քոլեսթերոլը` կենդանական աշխարհէն եւ անասուններէն ստացուած ուտելիքներէն: Այս բաժինով, ան նշեց «Օմեկա-3»-ի դերը` բարձրացնելով լաւ քոլեսթերոլի քանակը, ինչպէս նաեւ կարմիր գինիի դերը, բայց` բժիշկի հսկողութեամբ:
Սննդագէտ` Մարիա Տագէսեան իբրեւ քրոնիկ հիւանդութիւն նշեց նաեւ գերճնշումը` սահմանելով ու բացատրելով գերճնշումը եւ անոր պատճառները` ժառանգական, միջավայրի պայմանները, սննդականոնը, տարիքը: Ան ներկայացուց հետեւանքները սրտի, ուղեղի, երկամներու, եւ այլ օրկաններու վրայ: Այս պարագային աղերու համակարգումը, յատկապէս սոտիումի ու փոթասիումի, գլխաւոր առանցքը կը կազմեն գերճնշումի կարգաւորման:
Վերջին բաժինով դասախօսը ներկայացուց նաեւ շաքարախտի պարագան, անոր տարբեր տեսակները բացատրելով խօսեցաւ զանազան ուտելիքներու շաքարախտային սննդականոնի մասին, բարձր կամ բնականէն ցած շաքարախտի պարագային:
Իբրեւ եզրակացութիւն կարեւորութեամբ նշեց մարզանքի անհրաժեշտութեան ու անոր դերին մասին` համակարգելու անհատին նիւթափոխանակման հոլովոյթը:
Աւարտին Մարիա Տագէսեան օրինակներով եւ բացատրութիւններով լուսաբանեց ու պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

