Հարցազրոյց` Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանի Հետ
Չորեքշաբթի, 12 մարտ 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը Լիբանանեան պետական համալսարանի եւ Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային յարաբերութեանց վերաբերող տարբեր նիւթերու, ինչպէս` համարկումի հոլովոյթին ու գերիշխանութեան վրայ անոր ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ այն հարցին, թէ ՄԱԿ-ը ժամանակավրէ՞պ կառոյց է, թէ՞ պարզապէս բարեփոխման կը կարօտի:
Հարցազրոյցին տեսերիզը մօտ օրէն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

