Մամլոյ 91-րդ Լսարան. Լեռնիկ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Արցախի Մշակութային Կեանքը

lsaran91«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 91-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 12 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ծանօթացնելէ ետք լսարանի զեկուցաբերը, անդրադարձաւ օրուան նիւթին, որ կը կեդրոնանար Արցախի մշակութային կեանքին վրայ: Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան զեկուցաբեր` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեանին:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան երկարօրէն եւ մանրամասն զեկուցեց Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան գործունէութեան մասին: Ան յայտնեց, որ նախարարութեան գործունէութեան գլխաւոր ջանքերը  պէտք է դիտել մշակութային ինքնութեան պահպանումի գործին մէջ: Ան ներկայացուց նախարարութեան բազմաշերտ գործունէութիւնը, որ կարելի է ամփոփել նախարարութեան  սփիւռքի հետ կապերու հաստատումով, Արցախի տաղանդաւոր պատանիներու տաղանդներու զարգացման ջանքերով, երիտասարդական խաւի տարբեր ծրագիրներու մշակման եւ իրագործումի հետապնդումով եւ շարք մը այլ գործունէութիւններով, որոնք նախարարութեան ճշդած ծրագիրին մաս կը կազմեն:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներուն եւ իրագործուած ծրագիրներուն. ան մանրամասն զեկուցեց Արցախի մէջ արուեստի կեդրոններու, թանգարաններու, թատրոնի եւ մշակոյթի տուներու վերանորոգման աշխատանքներուն մասին` յայտնելով, որ վերանորոգման կարգ մը ծրագիրները արդէն կատարուած են եւ գործ կը տարուի այդ կեդրոններուն աշխատանքային աշխուժութեան զարկ տալու, իսկ այլ ծրագիրներ ընթացքի մէջ են` յատկապէս Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ, ուր կը պակսին նման կեդրոնները:

Զեկուցումի աւարտին լսարանի ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան զեկուցաբերին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES