«Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Կառչած Սուրիական Հայրենիքին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 11 մարտ 2014-ի առաւօտուն «Ուորլտ ուաչ Մոնիթըր» կազմակերպութեան տնօրէնին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ հակառակ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան, Սուրիոյ հայութիւնը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ: «Մենք երբեք չենք մոռնար ցեղասպանութենէն ետք սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Տարիներ շարունակ Սուրիոյ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական հայրենիքի վերելքին: Այսօր, երբ սուրիացի ժողովուրդը լուրջ վտանգներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց է, մենք չենք կրնար մոռնալ անցեալը եւ հեռանալ Սուրիայէն: Ճիշդ է, որոշ թիւով հայեր ժամանակաւորապէս հեռացան եւ աւելի ապահով վայրեր հաստատուեցան, սակայն վստահ ենք, որ անոնք շուտով պիտի վերադառնան, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ մէջ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայ համայնքին քաղաքական կեցուածքին սուրիական տագնապի լուծման գծով: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը. «ա) Սուրիական տագնապը միայն քաղաքական լուծում կրնայ գտնել, ո՛չ զինուորական եւ ո՛չ ալ արտաքին միջամտութիւններով: բ) Սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր բաղկացուցիչ մասերով` պետութիւն, ընկերութիւն, համայնքներ, պէտք է մասնակից դառնայ Սուրիան դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող հոլովոյթին: գ) Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը սուրիական ընկերութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է. անոր պահպանումը կը նկատենք կենսական: դ) Քրիստոնեայ համայնքները իրենց պարտաւորութիւնները լիովին կատարած են Սուրիոյ նկատմամբ` իբրեւ անբաժան մասը սուրիական ընկերութեան. անոնք նաեւ տէր կը կանգնին իրենց իրաւունքներուն` անհատական թէ համայնքային»:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին: Ան ըսաւ, որ «հայ ժողովուրդը տակաւին կը մնայ իրաւազրկուած. սփիւռքը պարտադրուած իրականութիւն մըն է ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ: Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան պահանջն է»:

Միշտ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն` վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ «Ժընեւ-2»-ի նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ժողովին եւ ընդհանուր գիծերով պարզեց հոն արտայայտած իր տեսակէտները: Հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES