Անդրադարձ. Խրիմի Իրադարձութիւնները Թաթարական Ազդակի Լոյսին Տակ Դիտելու Հրամայականը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Խրիմի հարցին մէջ հայկական լրատուադաշտին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման հարցին վրայ: Ճիշդ է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթութեան մասին Վլատիմիր Փութինի անուղղակի արտայայտութիւններէն քայլ մը անդին երթալով այժմ Սերկէյ Լաւրովի ճամբով ուղղակի կերպով կ՛ընդգծեն, թէ «Անհրաժեշտ է յարգել Խրիմի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը», սակայն ո՛չ այդ երեւոյթը, ո՛չ ալ Խրիմի կարգավիճակի հարցով 16 մարտի հանրաքուէին արդիւնքը պիտի ազդեն ղարաբաղեան հիմնախնդիրին վրայ, որովհետեւ Ռուսիան, վեց տարի առաջ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալէն ի վեր կատարածին նման, պիտի շարունակէ երկակի չափանիշներ կիրարկել:
Եթէ Խրիմի մէջ գոյութիւն ունի ուշադրութեան արժանի ազդակ մը, այդ ալ թաթարականն է: Խրիմի իշխանութիւններն ու Մոսկուա 16 մարտի հանրաքուէի նախօրեակին կը փորձեն սիրաշահիլ թաթարները` առաջինները խոստումներ շռայլելով, իսկ երկրորդը անոնց ներկայացուցիչները Փութինի հետ հանդիպումի հրաւիրելով: Նշեալ քայլերը կ՛առնուին, որովհետեւ թաթարները կրնան հարցեր ստեղծելով խափանել կիրակի օր նախատեսուած հանրաքուէի կայացումը: Թաթարները իրենց այդ կարողութիւնը ընդգծելու համար սկսած են «ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ» կազմել: Տագնապի ստեղծումէն մինչեւ հիմա Խրիմի թաթարներուն դէմ որեւէ արարք չէ գործուած, ուստի յստակ է, որ այդ ջոկատներուն ստեղծման նպատակը ինքնապաշտպանութիւնը չէ:
16 մարտի հանրաքուէին եւ Ուքրանիայէն Խրիմի անջատման հոլովոյթին թաթարներու մասնակցութեան ապահովման բանալին Թուրքիան է: Անգարա հանդէս կու գայ իբրեւ թաթար «եղբայրներու» իրաւունքներու պաշտպան եւ կը պահանջէ Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանել, սակայն հիմնականը եւ իսկական պահանջը առաջինն է, իսկ երկրորդը` բանակցելի կէտ մը, որմէ կարելի է հրաժարիլ, եթէ առաջին պայմանին` թաթարներու իրաւունքներու հարցին «ընդունելի» լուծում մը ապահովուի:
Եթէ վերոնշեալ «գործարք»-ը յաջողի, կը մնայ տեսնել, թէ թրքական կողմը իր մատուցած ծառայութեան համար ի՛նչ միջնորդագին պիտի պահանջէ: Անգարա Մոսկուայէն կրնայ պահանջել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հանրապետութեան շուրջ եղող շրջաններէն հեռացումը ապահովել: Եթէ բանակցութեանց ընթացքին այդ «վճարման» ժամկէտը 16 մարտի բարեյաջող աւարտով պայմանաւորուի, ռուսական կողմը կրնայ խուսանաւելու առիթ ունենալ, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս հազուադէպ կերպով կը վճարեն արդէն իսկ մատուցուած ծառայութեան համար: Դժբախտաբար, թրքական կողմը այդ մէկը լաւ գիտէ եւ կրնայ պահանջել, որ առնուազն յայտարարութեան մը ձեւին տակ «կանխավճար» մը կատարուի:
Թաթարական ազդակին հարցով բազմաթիւ դիպաշարներու կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Այդ դիպաշարներէն մէկն է վերոնշեալը, որ Խրիմի մէջ իրադարձութիւնները թաթարական ազդակի լոյսին տակ դիտելու հրամայականը կը ստեղծէ:

