Թուրքիոյ Մէջ Բախումներ. Պոլսահայ Երիտասարդները Միացած Են Թուրք Դեռահասի Մը Մահէն Ետք Կազմակերպուած Բողոքի Ցոյցերուն

Norzartonk-12032014«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին, հակառակ ոստիկանութեան բիրտ արձագանգին, Պերքին Էլվանի նուիրուած բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են, եւ հայերը եւս միացած են այդ ցոյցերուն:

Ցուցարարները փողոց դուրս եկած են մահուան պատճառով 15-ամեայ տղու մը, որ ամառը տեղի ունեցած հակակառավարական բողոքի ցոյցերուն ժամանակ գլխէն հարուած ստացած էր եւ ինկած մահաքունի մէջ:

Հայ երիտասարդներէ բաղկացած «Նոր զարթօնք» շարժումը Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հայերէնով նշած է, որ Պերքինը պիտի չմոռնան: Շարժումի անդամները պատերուն գրած են, որ թոյլ պիտի չտան Պերքինը մոռնալ:

«Պերքին, քեզի պիտի չմոռցնենք», հայերէնով եւ թրքերէնով գրած են «Նոր զարթօնք»-ի անդամները:

Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ 15-ամեայ այս տղուն մահուան պատճառով ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ արձանագրուեցան: Ոստիկանութիւնը հազարաւոր ցուցարարներու դէմ ջրաշիթ մեքենայ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:

Տղուն մահուան մասին իմանալէ ետք հազարաւոր վրդովուած մարդիկ դուրս եկած են փողոցներ` բացագանչելով «Մարդասպան Էրտողան», «Մարդասպան պետութիւնը պատասխան պիտի տայ», «Էրտողանի կառավարութիւն, փտածութեան կառավարութիւն, հրաժարական»:

Երէկ ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ ցրուելու համար դարձեալ ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:

Share this Article
CATEGORIES