Նիւ Եորքի Մէջ Պայթում Մը Երկու Շէնք Քանդեց
Նիւ Եորքի Արեւելեան Հարլեմ շրջանին մէջ կազի սպրդումի մը պատճառով պայթում մը գետնի հաւասար դարձուց երկու շէնքեր: Արձանագրուեցաւ 2 զոհ եւ 20 վիրաւոր: Տասնեակներով անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
250 հրշէջներ պայքարեցան յառաջացած հրդեհը մարելու համար:
CATEGORIES Միջազգային

