Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդունեց Քուպայի խորհրդարանական մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի խորհրդարանական յարաբերութիւնները:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Աղէտներու պատճառած վնասներու հատուցման գերագոյն խորհուրդի արգելափակուած ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Պաշիր դատավարութիւններուն ընթացքին խոստովանած է, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրահանգով միլիառներ կը յատկացուէին Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպիի` Թրիփոլիի զինեալ բախումները ֆինանսաւորելու նպատակով, ինչպէս նաեւ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներուն:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը զարմանք յայտնեցին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն մը չգոյացնելու առումով եւ նշեցին, որ այդ ծրագիրին իմաստով անկարելի է որեւէ նորութիւն արձանագրուի նախքան 14 մարտը, որուն ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի արտասանէ իր խօսքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն, կը գրէ, թէ ամերիկացի պաշտօնատարները մտահոգ են ծայրայեղական շարժումներուն կողմէ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու արարքներուն հաւանականութենէն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ մտադիր է հրաժարիլ` նկատի ունենալով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ տիրող անհամաձայնութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ համախոհութիւն գոյացնելու առումով տակաւին առիթ կայ` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան հարցը քննարկումի առարկայ չի կրնար ըլլալ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութի եւ կազի թիթեղներուն սակը յաւելում կամ նուազում չէ արձանագրած:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբաններու համաձայն, Հըզպալլա Սուրիայէն պիտի չհեռանայ Եապրուտի ճակատամարտին աւարտով, այլ` ան տուն պիտի դառնայ Սուրիոյ տագնապին լուծումէն ետք:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան յաջորդ նախագահը դառնալու իմաստով մնացեալ բոլոր թեկնածուներէն աւելի առիթ ունի` աւելցնելով, որ ներկայ կառավարութեան ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վերածուելու հաւանականութիւնը մեծ է:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի մնայ եւ շարունակէ իր գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ կարելի չէ վերացական տեսակէտներու վրայ գրաւ դնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման աշխատանքին ձախողեցման` նշելով, որ այդ ուժերը կը փափաքին Դիմադրութիւնը իրենց վարած քաղաքականութեան մէկ մասը դարձնել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լոնտոն կը շարունակէ Լիբանանի նկատմամբ իր քաղաքական եւ նիւթական օժանդակութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերով պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին գոյանալիք համաձայնութիւնը կախեալ է հակառակորդ քաղաքական ուժերուն հետապնդած նպատակներէն:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Խալիլ Համտան յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Դիմադրութեան դերակատարութիւնը մերժող աշխատանքային ծրագիրը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ ընդգրկելու Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած Դիմադրութեան բանաձեւումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն մը չգոյացնելու պարագային իրենք պիտի հրաժարին:

 

Share this Article
CATEGORIES