Մարաքեշի Մէջ. Մաշնուք. «Ահաբեկչութեան Դէմ Ամէն Գնով Պիտի Պայքարինք»

Մաշնուք կը գլխաւորէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը

Մաշնուք կը գլխաւորէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը

Մարոքի մէջ արաբ ներքին գործոց նախարարներու 31-րդ ընդհանուր նիստին իր մասնակցութեան շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք կը հասկնան սէուտական Արաբիոյ այն որոշումը, թէ Քայիտայի պատկանող կարգ մը զինեալ խմբաւորումներ ահաբեկչական որակեն` աւելցնելով, որ ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի կեցուածքը յստակ է:

«Մենք կը մերժենք ահաբեկչական որեւէ արարք եւ այդ երեւոյթին դէմ ամէն գնով պիտի պայքարինք, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ արաբական իւրաքանչիւր պետութեան ապագային», ըսաւ ան:

Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայ զինեալ խմբաւորում մը, որուն հիմնական նպատակը Իսրայէլի դէմ պայքարիլն էր, սակայն ութ տարիէ ի վեր անոր զէնքը ներքին լիբանանեան առումով օգտագործելու հարցը եւ Սուրիոյ տագնապին անոր մասնակցութիւնը պատճառ դարձած են լիբանանցիներուն ուղղահայեաց երկփեղկումին:

Մարաքեշի մէջ Մաշնուք եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դռնփակ հանդիպումներ ունեցան Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ իշխանին եւ Քաթարի ներքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Նասեր պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:

Սէուտցի եւ քաթարցի նախարարները շեշտեցին, որ իրենց երկիրները կը զօրակցին Լիբանանին եւ անոր բանակին ու ապահովութեան ուժերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES