Կրացիանօ. «Լիբանան Այցելութեանս Նպատակն Էր Բանակին Կատարուելիք Օժանդակութիւններուն Քննարկումը»

Իտալիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն էր քննարկել լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները, որոնք լուսարձակի տակ պիտի առնուին Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին ընթացքին:

Զօր. Կրացիանօ յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը ապացոյց մըն է, որ Իտալիա կը զօրակցի լիբանանեան բանակին եւ երկրին ապահովական կայունութեան:

Զօր. Կրացիանօ մերժեց անդրադառնալ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զէնքի ու զինամթերքի տեսակներուն` աւելցնելով, որ ինք բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ մանրամասնօրէն քննարկած է բանակին կարիքները:

 

Share this Article
CATEGORIES