Պըրրի. «Ազգային Շահերը Կ՛ենթադրեն Դիմադրութեան Կառչած Մնալ»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ իրենք Դիմադրութեան եզրին ոչ մէկ տառէն պիտի զիջին: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Դիմադրութեան, որ մնայուն կերպով ապահոված է Լիբանանի ազգային շահերը:

«Մենք Դիմադրութեան յանձնառու պէտք է մնանք իբրեւ նախանձախնդրութիւն մեր հարստութիւններուն եւ թշնամին Լիբանանէն հեռու պահելու, այլ խօսքով` երկրին գերիշխանութիւնը պահպանելու միջոց», հաստատեց Պըրրի:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան տակաւին ջրային հարստութիւն ունի, ինչպէս նաեւ քարիւղի հարստութիւն, որ պէտք է պահպանել, «եւ ատիկա կատարելու համար մենք պէտք է կառչած մնանք Դիմադրութիւն ունեցող Լիբանանին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Մազարեհ Շեպաան լիբանանեան հող է եւ ոչ թէ շիիական:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ երեկոյեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ ինք մինչեւ երկուշաբթի կէսօր պիտի սպասէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, այլապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ պիտի փոխանցէ անոր նոր վարչապետ մը նշանակելու նպատակով խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES