Վարչապետ Սալամ Ցաւ Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութեան Առնչութեամբ

Քաղաքապետ Համատ եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատը, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետարանին ծրագիրները:
Վարչապետ Սալամ իր հանդիպումներուն ընթացքին ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ եւ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի տապալելու սեմին` աւելցնելով, որ այս կացութենէն պիտի վնասուին անխտիր բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս աշխատաւոր դասակարգը:
Սալամի այցելեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, որ յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը աւարտի եւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք կարելիութիւն ստեղծուի տարեցներու ապահովագրութեան օրէնքը վաւերացնելու:
Ղոսըն ընդգծեց երկրին քաղաքական եւ տնտեսական ապահովութիւնները երաշխաւորելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք անհրաժեշտ են երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան համար:
Վարչապետը ընդունեց նաեւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի
նախագահ Հաննա Ղարիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ղարիպ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք հաւանական անիշխանութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող լճացած իրավիճակը ժխտական կերպով կ՛ազդէ բոլորին վրայ:

