Բագրատունի Այցելեց Ապու Ֆաուրի

Ապու Ֆաուր եւ Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին հետ կապուած հարցեր:
Բագրատունի առողջապահութեան նախարարին յատուկ ուշադրութեան յանձնեց առողջապահական հարցերով զբաղող հայկական կազմակերպութիւններուն եւ նախարարութեան միջեւ յաւելեալ գործակցութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

