Նախագահ Սլէյման Նիինիսթոյի Հետ Այցելեց Հարաւային Լիբանան

Նախագահ Սլէյման եւ ֆինլանտացի իր պաշտօնակիցը` Թիրիի մէջ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա երկու նախագահները ուղղաթիռով ուղղուեցան Պընթ Ժպէյլի Թիրի գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆինլանտական զօրամասի զինուորական կեդրոնը:
Նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց լիբանանեան բանակը զինելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ իմաստով ամէն ջանք ի գործ դնել:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու արշաւը սկսած է Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ընտանիքին գումարած խորհրդաժողովէն:
«Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ կան որոշ տեսակի զէնքեր, որոնք արգիլուած են լիբանանեան բանակին համար: Բանակը ինք կը ճշդէ այն զէնքը, որուն կարիքը ունի», ըսաւ նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ բանակը զինելու յաջորդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց նաեւ, որ խորհրդարանը մօտիկ ապագային գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար լիբանանեան բանակը զինելու ծրագիրը: Ան հաստատեց, որ վերջին հանգրուանին Միացեալ Նահանգներու կողմէ բանակին կատարուած զինուորական օժանդակութիւններուն շնորհիւ է, որ բանակը կրցած է դիմագրաւել երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց նաեւ, որ բանակին զինումը ամբողջանայ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումով, եւ Դիմադրութիւնը ըլլայ բանակին կարիքներուն զօրակցող կողմը:
«Այս պատկերացումին մասին մենք լուրջ քննարկումներ կատարած ենք Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին, ինչպէս նաեւ այս մասին ակնարկութիւն կատարած եմ երդման արարողութեանս մէջ` նպատակ ունենալով օգտուիլ Դիմադրութեան զէնքէն` արգիլելով անոր ներքին գործածութիւնը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Ան նշեց, որ բանակին ստանձնած ապահովական պարտականութիւնները բազմազան են եւ կը գերազանցեն ապահովութեան ուժերուն առաքելութիւնը: «Բանակը կը սկսի երկրին սահմաններուն պաշտպանութենէն, կը հսկէ երկրին ապահովական կայունութեան, եւ բանակայինը մնայուն կերպով ենթակայ է նահատակութեան, սակայն զինուորականին թափած արիւնը կ՛ամրապնդէ բանակին միասնականութիւնը եւ կը հզօրացնէ զայն: Բանակը կը ծառայէ ամբողջ երկրին եւ կ՛ենթարկուի քաղաքական մէկ ու միասնական իշխանութեան, որուն իսկական ներկայացուցիչը հանրապետութեան նախագահն է», նշեց ան:
Ան ցաւ յայտնեց, որ երկրին մէջ տակաւին կան քաղաքական կողմեր, որոնք կը հովանաւորեն յանցագործներ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ բանակը երկրին մէջ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` կառչած մնալով իր կեցուածքներուն, որքան ալ քաղաքական փոփոխութիւններ արձանագրուին:
Ան ընդգծեց նախագահական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր երեսփոխան պէտք է ուղղուի խորհրդարան եւ ոչ թէ պոյքոթի ենթարկէ խորհրդարանի լիագումար նիստերուն իր մասնակցութիւնը:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը ճիշդ քայլ մը չէր` նկատի ունենալով, որ շրջանը կ՛ուղղուի դէպի ժողովրդավարութիւն, «այս առումով անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները ամէն գնով յառաջիկայ նոյեմբերին կատարել»:

