«Հայաստան Շահագրգռուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրին Խաղաղ Լուծումով» Կ՛ըսէ Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ` անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումին, գրած է, որ դրական ակնկալիքներ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի նկատմամբ Հայաստանի դիրքորոշումէն:
«Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ բանակցութիւնները կը փաստեն, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ խաղաղ լուծման կը ձգտի: Մենք պիտի շարունակենք ուղիներ փնտռել երկխօսութեան համար», գրած է ան:
Աւելի ուշ կատարուած գրառումի մը մէջ ամերիկացի դիւանագէտը ըսած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին պիտի անդրադառնան նաեւ ռուսական կողմի հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ այսօր տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն: Մենք վճռական ենք համագործակցելու նաեւ Ֆրանսայի հետ` խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ջանքերուն աջակցելու համար», նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ուորլիք մէկ օր առաջ «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած էր. «Ես մտահոգութիւններ լսած եմ, որ մինչ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Ուքրանիոյ վրայ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բռնութիւնը կրնայ աճիլ: Պէ՞տք է մտահոգուինք»:

