Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Դէմ Գործողութիւններու Կոմիտէ Ստեղծած Է

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կից ստեղծուած է յատուկ կոմիտէ մը, որ պէտք է զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին առիթով հայկական կողմի իրագործելիք ձեռնարկներուն դէմ գործողութիւններով:

Թուրքիոյ կառավարութեան կից ստեղծուած կոմիտէն բոլոր նախարարութիւններուն ուղարկած է գրութիւն մը` պահանջելով, որ վերջիններս գործողութիւններու ծրագիր կամ առաջարկներ ներկայացնեն ցեղասպանութեան իրողութեան մասին «հայկական պնդումներուն» դէմ:

«Կոմիտէի ստեղծման նախաձեռնած են Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերով եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան խորհրդականները: Այդ նախաձեռնութեան նպատակը հայկական կողմի իրականացնելիք գործողութիւններուն կամ անոնց ազդեցութիւններուն չէզոքացումն է», գրած է «Հիւրրիյէթ»:

 

Share this Article
CATEGORIES