Զուիցերիոյ Բողոքը Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Որոշումը Սրբագրելու Կարելիութիւն Պիտի Տայ

Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով վճիռը բողոքարկելու` Զուիցերիոյ որոշումը կարելիութիւն պիտի տայ, որ դատարանի որոշումին մէջ ցեղասպանութեան մասին վիճայարոյց հաստատումները սրբագրելու փորձ կատարուի, «Երկիր»-ին ըսաւ ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի, Զուիցերիան համոզելը, որ անպայման բողոքարկէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումը, համազգային ճիգի արդիւնք է. բաներ կան, որոնք կատարուած են, բայց որոնց մասին չի խօսուիր, սակայն մնացած հանգրուաններն ալ համազգային ճիգ եւ միասնական աշխատանք կը պահանջեն:

Թէ ի՞նչ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին հայաստանեան եւ սփիւռքեան կառոյցներուն կողմէ` իբրեւ աջակցութիւն Զուիցերիոյ, Մանոյեան նշեց, որ տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսիլը, քանի որ նախ` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը պէտք է Զուիցերիոյ բողոքը ընդունելու որոշում տայ, յետոյ` որոշէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով պիտի ընթանայ բողոքի քննարկումը: Անկէ կախեալ պիտի ըլլայ, թէ հայկական կողմէ` Հայաստանը կամ սփիւռքեան կառոյցները կարելիութիւն պիտի ունենա՞ն դատարանին մէջ իբրեւ շահագրգիռ կողմ հանդէս գալու, թէ՞ ոչ:

Share this Article
CATEGORIES