Հայաստան Կ՛ողջունէ Փերինչեքի Հարցով Դատական Վճիռը Բողոքարկելու Զուիցերիոյ Նախաձեռնութիւնը

Euro-Human-rights.Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան, պատասխանելով «Արմինֆօ» լրատու գործակալութեան` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Տողու Փերինչեքի գործով որոշումը բողոքարկելու Զուիցերիոյ նախաձեռնութեան մասին հարցումին, յայտնած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ այդ նախաձեռնութիւնը:

«Մենք կ՛ողջունենք Զուիցերիոյ որոշումը` հայցելու Տողու Փերինչեքի գործին փոխանցումը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Գերագոյն պալատի վերանայման:

«Ցեղասպանութեան ոճիրի ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ հետեւողականութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ», ըսած է Բալայեան:

Share this Article
CATEGORIES