Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճաշակներու եւ գոյներու մասին վիճիլ չ՛ըլլար: Հանդուրժող եղէք, եթէ ձեր խառնուածքին հակառակ հարցեր ստեղծուին ձեր շուրջը: Չէզոք մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծնողներ ունին պարտաւորութիւններ երբեմն` յարմարելով իրենց զաւակներուն քմայքներուն: Եթէ ծնողք էք, այսօր պէտք է ըլլաք համբերատար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երաժշտութիւն եւ գիր ու գիրք պիտի ըլլան ձեզ հետաքրքրող արուեստները: Այսօր ձեզ նուիրեցէք այս մթնոլորտին, որպէսզի ուրախանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ընդդիմադիրին կամ ձեր մրցակիցին դիմաց մի՛ տկարանաք, մնացէք բարձր տրամադրութեամբ, առանց պարտուելու կամ տկարանալու: Քաջ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եռանդուն, աշխուժ պիտի ըլլաք, որով պիտի կարենաք լաւ աշխատանք կատարել եւ հիանալի արդիւնք ապահովել` նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ որեւէ անհանգստութիւն զգաք, մտիկ ըրէք ձեր բժիշկին ըսածները: Նոյն ատեն եղէք նաեւ ձեր բժիշկը: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր որոշած ծրագիրները լաւ ընթացքի մէջ են, պիտի կարենաք իրագործումներ կատարել ըստ ձեր ճաշակին եւ բաղձանքին: Մնացէք լաւատես եւ ուրախ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արդեօք դժուա՞ր է գիտնալ, թէ ի՛նչ բանը լաւ է ձեր ասպարէզին համար: Ձեզի մօտիկ անձեր կրնան այս մասին հանգստացնել ձեզ, մի՛ երկմտիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վեհանձնութիւն արտայայտեցէք որեւէ պարագայի: Դժկամութեամբ մի՛ մօտենաք հարցեր քննարկելու պահուն: Օրը ունի լաւ հանդիպումներ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հարցուցէք կարծիքը որակաւոր եւ գիտակից մարդոց, որովհետեւ ամէն հարցի մասին կրնաք գաղափար չունենալ մեկնաբանելու կամ կարծիք տալու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ եւ ձեր շուրջինները հանգիստ ձգեցէք: Այսօր հարկ է որ պատասխանէք ձեզմէ պահանջուած հարցումներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առաւօտուն, երբ արթննաք, կրնաք անհաճոյ հարց մը ունենալ: Հաւանաբար ականջի ցաւ մը պատճառ կրնայ ըլլալ օրուան խանգարումին: Ուշադրութեամբ փարատեցէք այս հարցը:

