50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1964)
Խմբագրական
Ամերիկահայ Կրթական Գործը
Առանց Զոլայի ուժգնութիւնը տալու ու նաեւ մեղմացնելով անոր տարազը` Ենովք Լաչինեան «Ազդակ»-ի հինգշաբթիի թիւին մէջ կ՛արձակէր իր «Կը մեղադրեմ»-ը` ուղղուած ամերիկահայ պատասխանատու մարմիններուն եւ անձնաւորութեանց, կրթական հարցին մէջ ցոյց տրուած անտարբերութեան առնչութեամբ:
Մեր հայրենակիցը, որ ծանօթ դէմք մըն է Միացեալ Նահանգներու եւ Միջին Արեւելքի մէջ, թիւերու եւ վիճակագրութիւններու վրայ հիմնուելով` կ՛ափսոսար այն ժամանակին համար, որ վատնեց ամերիկահայ գաղութը, երեսի վրայ ձգելով կրթական գործը, որ կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր կեանքէն ու պատմութենէն հետզհետէ հեռացող սերունդներու փրկութեան գործին համար:
Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ համակարգութիւն` յատկանշական է, որ Լաչինեանին այս յօդուածը սփիւռքահայ մամուլին մէջ լոյս կը տեսնէ այն օրերուն, երբ Պէյրութէն խումբ մը խանդավառ եւ գործունեայ երիտասարդներ կը վերարծարծեն Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին հայկական հայ սքուլը հիմնելու խնդիրը` գործնական կարգ մը աշխատանքներու լծուելով:
Քառասուն տարի շարունակ նման գործի մը ձեռնարկուած չըլլալու իրողութեան ստեղծած թերահաւատութիւնը հետզհետէ կը փարատի այն եռանդին ու հաւատքին առջեւ, որ այդ երիտասարդները, ունենալով բարոյական եւ նիւթական քաջալերութիւնը մեր կեանքին ապագայով մտահոգ մարդոց, ցոյց կու տան այս գործին հանդէպ:
Կասկած չկայ, թէ բոլոր մեծ գործերու աղբիւրը հաւատքն է: Երբ անհատներ ու կազմակերպութիւններ կը հաւատան գործի մը կարեւորութեան եւ զայն յաջողցնելու կարելիութեան, ճամբուն կէսը կտրուած կ՛ըլլայ արդէն: Մնացեալը կը դառնայ նիւթականի խնդիր, կարգադրելի` այս կամ այն ձեւով: Մանաւանդ, այդ գործին յատկացուելիք գումարներ չեն պակսիր, ու ամերիկահայերը, որոնք այլ գաղութներու համար այնքան զոհուած են, պատճառ մը չունին երեսի վրայ ձգելու ձեռնարկ մը, երբ իրենց ցոյց կը տրուի անոր կարելիութիւնը:
Ոչ մէկ կասկած, թէ անգամ մը որ գործը թափ առնէ, ամերիկահայ գաղութը պիտի թօթափէ այն թերահաւատութիւնը, որ ընդհանրապէս ունի կրթական նման ծրագրի մը յաջողութեան հանդէպ:
Նախատեսուած հայկական վարժարանը ոչինչով ետ պիտի մնայ ամերիկեան պաշտօնական հայ սքուլներէն: Յաւելեալ ըլլալով, աշակերտներու սակաւաթիւ ըլլալու պարագան մեծապէս պիտի նպաստէ այդ վարժարանին հետեւող հայորդիներուն աւելի լուրջ պատրաստութեան:
Որքան գիտենք, առաջին հայկական վարժարանը պիտի հիմնուի Լոս Անճելըսի մէջ, «սողացող քաղաքը», ուր հայութեան թիւը հետզհետէ կը բազմանայ, մանաւանդ` Բ. Աշխարհամարտէն ետք Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն գացած հայրենակիցներով: Կասկած չկայ, թէ մրցակցութեան ոգին, ինչպէս եկեղեցիներու պարագային, դպրոցի պարագային եւս պիտի նպաստէ կրթական ցանցին տարածման եւ ամերիկեան այլ քաղաքներու հայերը եւս պիտի ուզեն ունենալ իրենց դպրոցը: Ա՛լ չենք խօսիր հայ կեանքին մէջ գործող զանազան հոսանքներու մրցակցութեան մասին, որ այս հարցին մէջ ալ իր արդիւնաւէտ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, ինչպէս ունեցաւ եկեղեցաշինական գործին մէջ:
Ամերիկայի մէջ հայկական վարժարան մը հիմնելու «քըմփէյն»-ին ձեռնարկող պէյրութահայ երիտասարդներու գլխաւոր նպատակն է ցոյց տալ Ատլանտեանի եւ Խաղաղականի ափերուն վրայ ապրող մեր հայրենակիցներուն, թէ այլ գաղութներ եւս մօտէն հետաքրքրուած են իրենց կրթական տագնապով եւ կ՛ուզեն կարելի բոլոր միջոցները ի սպաս դնել այդ գործին յաջողութեան համար:
Պէյրութէն մեկնած կայծը, կասկած չկայ, թէ պիտի բռնկեցնէ այն մեծ հրդեհը, որուն ջերմութեան կարօտն ունի ամերիկահայ սերունդը` իբրեւ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ կեանքին ու անցեալին հետ հանապազօրեայ հաղորդութիւն:
Ահաւոր Հրդեհ Պուրճ Համուտի
Հիւղաւաններուն Մէջ
Հինգշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին ահաւոր հրդեհ մը ցնցեց ամբողջ Պուրճ Համուտի հայութիւնը:
Օթոստրատին վրայ գտնուող հայկական չորս հիւղաւաններ հրոյ ճարակ դարձան: Հրդեհը զօրաւոր քամիին պատճառով կը սպառնար տարածուիլ թիթեղաշէն եւ փայտաշէն բոլոր տուներուն, երբ հրշէջները անմիջապէս օգնութեան փութացին եւ 6 – 7 հսկայ ջրատար մեքենաներ հազիւ կրցան առաջքը առնել տարածուող բոցերուն:
Հրդեհին պատճառը յայտնի չէ տակաւին: Ոմանք կ՛ըսեն պիւթակազէն առաջ եկած է կրակը, բայց պիւթակազի շիշը անվնաս մնացած ըլլալով` ելեկտրական խանգարումը պատճառ կը նկատուի այս աղէտին:
Բարեբախտաբար մարդկային կորուստ չկայ: Փոքրիկ մը միայն, շնորհիւ երիտասարդներու ճիգերուն, մեծ դժուարութեամբ փրկուած է կրակներէն:
Նիւթական կորուստը մինչեւ 30,000 լ. ոսկի կը գնահատուի: Բոլոր սենեակները, տուներու բոլոր գոյքերը մոխրացած են` անպատսպար ձգելով չորս հայ ընտանիքներ, իրենց զաւակներով: Երէկ գիշեր այդ աղէտէն դժբախտացած հայ ընտանիքները պատսպարուեցան դրացի հայերուն մօտ:
Աղքատ ու դժբախտ այս ընտանիքները անմիջական օգնութեան կարիք ունին:

